Հայկական Լեռնաշխարհը եւ Միջագետքը, Պետրոս Թովմասեան (թղթակազմ)
$10.00
In stock
Միջագետքի բարեբեր տարածքը, շնորհիւ Հայկական լեռնաշխարհէն բխող երկուորեակ գետերու՝ Տիգրիսի եւ Եփրատի, եղած է պատմութեան սկիզբէն ի վեր Հայկական լեռնաշխարհի եւ Արաբական թերակղզիի ժողովուրդներու գաղթօճախը։
Այս ուսումնասիրութիւնը կը լուսաբանէ այդ տարբեր ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու շփման կապերու պատմութիւնը, աւելի լաւ կեանքի պայմաններ որոնելու՝ բարեբեր հող, յարմարաւէտ կլիմայ եւ ոռոգման ջուր, որոնք քաղաքակիրթ պետութիւններու յառաջացման եւ շփման հիմնական պայմաններն են։
Յատկանշական է, որ Հայկական լեռնաշխարհի եւ Միջագետքի ժողովուրդներու միջեւ եղած կապերը շատ հինէն կու գան, ուղղակի հայ ժողովուրդի պատմութեան սկիզբէն՝ ծագման շրջանէն, ինչպէս որ ան խտացուած է Հայկի եւ Բէլի պատմութեան մէջ։
Weight | 0.82 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.