Մարութայ Սարի Ամպերը, Մուշեղ Գալշոյեան (թղթակազմ)
$9.00
In stock
Մուշեղ Գալշոյեան (1933-1980)՝ Հայաստանի արձակագիրներու 1960-1970-ական թուականներու տաղանդաւոր անուններէն մէկը, զոհ դարձած է որսորդական անհեթեթ արկածի մը։ Երկիրը՝ Արեւմտեան Հայաստանը ոգեկոչող այս պատմուածքներու հատորը, որ լոյս տեսած է յետմահու՝ 1981-ին, իր ամենէն յայտնի գործերէն մէկն է՝ «Ձորի Միրօ» վիպակին հետ։ Յառաջաբանին մէջ, Վարուժան Ծ. Վրդ. (այժմ՝ Արքեպիսկոպոս) Հերկելեան կը գրէ.
«Մուշեղ Գալշոյեան յանձնառու չեղաւ որեւէ թելադրանքի, յանձնառու եղաւ միմիայն արեան կանչին։ Ու ինքը՝ հակառակ իր տարիքին կոչուեցաւ դառնալու ամպ։ Ամպ, որ իր առթած թացութեամբ ու խոնաւութեամբ երկիրն ու մարդը կը շաղախէ իրարու։ Մուշեղ Գալշոյեան… Արարիչը ամպերու, որ ճակատագրականօրէն ամպ դառնալու արարչութեան մը արդիւնքը եղաւ, եւ իր մահուան ձեւը, հասունութեան իր սեմին, եկաւ հաստատելու, որ ինքը ծնած էր իր արիւնով իսկ ռռոգելու հայոց հողը՝ այդ հողին մէջ արարուելու կոչուած ցորենի հասկերը՝ հացը հայ մարդուն։ Ցեղային մասունքներ են իր «Հերոսները», ու ինք՝ նոր մասունք՝ նոյն եւ նման անոնց»։
Weight | 1.10 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.