Նախիջեւանի Վիմագրական Ժառանգութիւնը, Հատոր Բ․ Ագուլիս, Արգամ Այվազեան (թղթակազմ)

$30.00

In stock

SKU: AAA2007-02 Category:
Description

Այս աշխատութեան մէջ կը ներկայացուին եւ կ՚արժեւորուին միջնադարեան Հայաստանի Ագուլիս քաղաքի (Գողթան գաւառ, Նախիջեւան) պատմական անցեալն ու մշակութային կեանքը, ինչպէս եւ պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները։ Գիրքը շրջանառութեան մէջ դրած է Ագուլիսի յուշարձաններուն վրայ քանդակուած վիմագրական ժառանգութիւնը՝ 715 արձանագրութիւն, որոնք ստոյգ ու կարեւոր աղբիւր մը կը կազմեն Ագուլիսի եւ միջնադարեան Հայաստանի պատմութեան ու մշակոյթի, ընկերային ու տնտեսական յարաբերութիւններու, լեզուի եւ այլ բնագաւառներու ուսումնասիրութեան համար։

1980ական թուականներէն ի վեր Ատրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը չէ խնայած Նախիջեւանի որեւէ անկիւն, ներառեալ Ագուլիսը։ Հաւանական է, որ այս հատորին մէջ զետեղուած նիւթերը զոհ գացած ըլլան ազերի բարբարոսութեան, ինչ որ ա՛լ աւելի կը բարձրացնէ անոնց արժէքը։

Additional information
Weight 2.51 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.