Ներսէս Լամբրոնացի, Սմբատ Եպսկ․ Սաատէթեան (թղթակազմ)

$15.00

In stock

SKU: SSA002 Category:
Description

 

Մեծ Եղեռնի զոհերէն՝ Սմբատ Եպս. Սաատէթեան (1871-1915), Արմաշի դպրեվանքի առաջին եօթը շրջանաւարտներէն էր, որ 1896ին՝ նորընծայ աբեղայ, գրած է «Ներսէս Լամբրոնացի. աշխատասիրութիւն պատմական, մատենագրական եւ վարդապետական»՝ իր վարդապետութեան չորս աստիճանները ստանալու համար։ Այս աշխատութիւնը, որ 1903ին արժանացած է «Իզմիրեանց» գրական մրցանակին, աւելի քան ութ տասնամեակ մնացած է անտիպ, մինչեւ որ լոյս տեսած է 1981ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ։ Հակառակ անցած աւելի քան մէկ դարուն, ան չէ կորսնցուցած իր այժմէականութիւնը եւ մինչեւ այսօր կարեւոր աղբիւր մը կը համարուի 12րդ՝ Արծաթէ Դարու եկեղեցական ու մտաւորական ամենէն կարեւոր դէմքերուն՝ Ներսէս Լամբրոնացիի կեանքին ու գործին ուսումնասիրութեան համար։

Առ ի ծանօթութիւն, Սմբատ Եպս. Սաատէթեան մօրեղբայրն էր Թեմիս բարերարուհի՝ տիկ. Սիւզան (Շուշան) Յակոբեանի։ Տիկ. Յակոբեանի վկայութեամբ, նահատակ Սրբազան Հայրը խնդրած էր քրոջմէն, որ իր դուստրը Շուշան անուանէ ի յիշատակ Վարդան Մամիկոնեանի դուստր՝ Սրբուհի Շուշանիկի։

 

Additional information
Weight 1.1 lbs
Shipping & Delivery

Shipping and handling will be added when the order is placed.