1953ին լոյս տեսած երկհատոր ու մեծածաւալ այս հրատարակութիւնը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մատենաշարի ծիրին մէջ վերահրատարակուած է, կը ներկայացնէ Այնթապի (Անթէպ) հայութեան պատմութիւնը իր բազմակողմանի երեսակներով՝ պատմական, աշխարհագրական, տնտեսական, լեզուական, գրական եւ այլն։
Բ. հատորին մէջ, բնականաբար, ընդարձակ տեղ յատկացուած է Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, հերոսամարտ մը, որ հայոց պատմութեան բացառիկ էջերէն կը հանդիսանայ իր տեւողութեամբ (շուրջ տասը ամիս) եւ յաղթական աւարտով։
Հատորները խմբագրուած են եւ օժտուած՝ անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերով։