Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու Պատմութեան, Գիրք Ժ․ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Վարժապետեան, Կոստանդնուպոլսի Հայոց Պատրարք 1837-1884, կազմեց Սանդրո Բէհբուդեան (լաթակազմ)
«Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան» շարքի այս հատորը նուիրուած է արեւմտահայ իրականութեան ամենէն ազդեցիկ գործիչներէն մէկուն՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Արք. Վարժապետեանին (1837-1884)։ Բացառիկ համակրանք եւ ժողովրդականութիւն վայելող այս հայրենասէր եկեղեցականը իր խորաթափանց հոգիով, հեռատեսութեամբ եւ անյողդողդ կամքով մեծ դեր խաղացած է արեւմտահայութեան կեանքին մէջ։ Կը բաւէ յիշել, թէ իր ջանքերով ձեւակերպուած է Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի 16-րդ յօդուածը եւ այնուհետեւ ինք ուղարկած է Պերլինի համաժողովին հայկական պատուիրակութիւնը 1878-ին։ Ներսէս Պատրիարք յղացած է ու նախապատրաստած Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի գաղափարը, որ իր դռները բացած է 1886-ին։
Reviews
There are no reviews yet.