Տեսական Աստուածաբանութեան Համառօտ Դասընթացք, Շահէ Արք․ Գասպարեան (լաթակազմ)
$15.00
In stock
Անթիլիասի Դպրեվանքի հիմնադիր եւ վերատեսուչ՝ Շահէ Արք. Գասպարեանի (1882-1935) այս աշխատութիւնը, որ անտիպ մնացած է անոր անժամանակ վախճանումէն ետք, լոյս տեսած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ Շահան Արք. Սարգիսեանի աշխատասիրութեամբ։ Իր յառաջաբանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը, մէջբերելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսի գնահատական խօսքերը, կը գրէ.
«Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսին նման հմուտ աստուածաբանին եւ բանասէրին կարծիքը կը պահէ իր արժէքը այսօր ալ։ Արդարեւ, տրամաբանական դասաւորումով, գիտական վերլուծումով ու հաւատքի ուժով պատրաստուած լուրջ գործ մըն է ներկայ հատորը։ Իր աստուածաբանական ուսումը Ամերիկա ստացած ըլլալով, ամերիկեան ու յատկապէս Անկլիքան աստուածաբանական մտածողութիւնը ակներեւ է հոն։ Հատորը ունի նաեւ կարգ ը պակասներ եւ թերացումներ։ Սրբազանը թերեւս չէ կրցած գործը ամբողջացնել իր առողջութեան պատճառով»։
Weight | 1.41 lbs |
---|
Shipping and handling will be added when the order is placed.