1960-70ական թուականներուն գրուած ուսումնասիրութիւններ վերամշակուած կերպով մտցնելով այս հատորին մէջ, սփիւռքահայ գրագէտ եւ գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան ընթերցողին եւ հետազօտողին մեր գրականութեան ուսումնասիրութեան ոչ-սովորական մօտեցում մը կը բերէր։ «Տրամ եւ ընթերցում» խորագրուած մուտքի գրութեան մէջ, ան կը յայտնէր. «Այս գրութիւնները կը ձգտին հաստատել գրութիւններու հետ յարաբերութեան այլ եղանակ մը քան աւանդականը, ինչպէս նաեւ գրութենական մակարդակի, գրուածքի հարցադրութիւն մը, անկախ ու տարբեր Գրականութեան Պատմութեան, գրականագիտութեան բայց նաեւ ոճաբանութեան ու իմաստաբանութեան յատուկ ձգտումներէն։ Այս աշխատանքը կ՚ենթադրէ հետեւաբար տագնապ մը գրութեան աւանդական մօտեցման մէջ, այդ մօտեցման խնդրականացումը եւ այլ մօտեցումի որոշադրումը»։ Մօտեցումի այս տարբեր տեսանկիւնէն, Պըլտեան կ՚ուսումնասիրէ Միսաք Մեծարենցը, Դանիէլ Վարուժանը, Ահարոնը, Տիրան Չրաքեանը, Նիկողոս Սարաֆեանը, ֆրանսահայ վիպագիրները եւ սփիւռքահայ բանաստեղծութիւնը։