Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԻՆ

Կիրակի, 3 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բացման աղօթքը կատարեց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 89րդ ողիմպիականներուն Ուաշինկթընի մէջ եւ ապա տուաւ իր պատգամը.

«Հայր Երկնաւոր, երախապարտ ենք քեզի, որ քու զաւակներդ կը բերես՝ արեւելքէն ու արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն միատեղուելու, որպէսզի իրենց աստուածապարգեւ տաղանդը գործածեն եւ բաժնեկցին իրենց ազատութեան ոգին ու թարմացնեն մեր ազգի կենսունակութիւնը դէպի նոր ապագայ։

Սիրելի Հ.Ե.Դ.ի անդամներ, Արցախի ներկայացուցիչ, ծնողներ եւ բարեկամներ,

Հաւաքուած ենք այստեղ մեր միասնութիւնը, մեր համատեղ տեսլականը տօնելու՝ իբրեւ այս երկրագունդին վրայ ապրող հայեր։ Մինչ դուք ուրախութեամբ զիրար կ՚ողջունէք ազատութեան մէջ, զանազան բարիքներով, ոչ հեռու Capitol Hillէն՝ ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ ազատութեան խորհրդավայրէն, մեր քոյրերն ու եղբայրները երէկ Արցախի մէջ տօնեցին իրենց անկախութեան 32րդ տարեդարձը դաժան շրջափակման պայմաններու տակ, որուն ենթարկուած են Ատրպէյճանի ահաբեկիչ մենատիրոջ հրամանով, որ արցախցիները կոչած է շուներ եւ առնէտներ, զորս պէտք է ջնջել երկրի մակերեսէն։ Միջոցին, նենգութեամբ կը խաբէ արեւմտեան պետութիւնները, կեղծելով, թէ արցախցիները Ատրպէյճանի քաղաքացիներու բոլոր իրաւունքները կը վայելեն։

Անցեալ դարուն, տարբեր պարագաներու տակ, Մուսա լեռը քառասուն օրը պաշարման տակ էր։ Անոնք քաջաբար դիմադրեցին։ Այսօր՝ մեր քոյրերն ու եղբայրները ո՛չ թէ քառասուն օր, այլ ութ անգամ քառասուն օր պաշարման տակ եղած են, կտրուած ըլլալով աշխարհէն, ապրուստի տարրական կենսանիւթերէն։ Բայց ամենէն կարեւորը այն է, որ չեն կտրուած իրենց նախնիներու ոգիէն։ Անոնք արմատաւորուած են Արցախի ոգիով, զոր ոչ ոք կրնայ արմատախիլ ընել, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ հրեշտակներ, ո՛չ ալ աշխարհի որեւէ սկզբունք։ Անոնք աստուածապարգեւ իրաւունքով կը պաշտպանեն այն երկիրը, ուր տնկած են, հնձած են եւ իրենց սրբազան արիւնը միախառնած են օրհնեալ Արցախի հողին հետ։

Քանի մը օր առաջ, Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ղեկավարները՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ազգային Առաջնորդարանները, էջմիածնական Առաջնորդարանները, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, կոչ մը ուղղեցին ԱՄՆի նախագահին եւ Արտաքին Գործոց նախարարին, հրաւիրելով, որ շատ լրջօրէն վերաբերին այս ողբերգական, վերջին ութը ամիսներուն շարունակուող դէպքերուն նկատմամբ։ Կը հաւատանք որ յառաջիկայ շաբաթ, երբ Արցախի մասին ունկնդրութիւն տեղի պիտի ունենայ Capitol Hillի մէջ, մեր նախագահը, որ համարձակօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, խօսքէն անդին գործի անցնի՝ ի հետեւումն այս ազատ երկրի, քաջերու երկրի հաւատամքին, որով Ամերիկա պիտի շարունակէ մնալ ախոյեանը վսեմ արժէքներու, որոնք այս օրհնեալ երկրի հիմքը կը կազմեն։

Մինչ այդ, սիրելի Հ.Ե.Դ.ի անդամներ, վստահ եղէք, որ մենք ձեզի հետ ենք։ Դուք մեր յոյսն ու հպարտութիւնն էք, եւ ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ըսէ, դուք միայն մեր ապագան չէք, այլ մեր ներկայ ու ապագայ իրագործումները։ Վստահ ենք, որ մեր ներկայ դժուարութիւնները պիտի դարբնեն մեր տոկունութիւնը՝ ազատութեան ջահը յաջորդ սերունդին փոխանցելու համար։

Մինչ այդ, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կ՚աղօթեմ ու կը մաղթեմ բոլորիդ, ձեր անձնական կեանքին մէջ, ձեր աշխատանքներուն մէջ, ձեր ընտանիքներուն մէջ, համայնքներուն, ազգովին, մենք շարունակենք որպէս նահատակ ցեղի անմահներ, միշտ հաւատքով եւ յոյսով եւ սիրով յառաջ երթալ, ամրացնելով մեր համագործակցութիւնը, մեր միութենական բոլոր աշխատանքները, եկեղեցական, ընկերային, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային կեանքին մէջ։ Մենք՝ որ հարիւր տարիէ ի վեր հայրենիքէն հեռու, բայց հայրենիքը մեր սրտերուն մէջ մեր առօրեային մէջ ապրեցանք, այդ նոյն հայու ոգին փոխանցենք մեր յաջորդ սերունդներուն։ Թող Աստուած օրհնէ մեր ազգը եւ մենք շարունակենք քալել Խաչի ճամբով եւ յարութեան հաւատքով դէպի պայծառ ապագայ։