Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀԱՐՐԻ ՊԱՊԱՍԻՆ (ծնունդ՝ 19 Մարտ, 1921)

Հարրի Պապասին կը պատկանի հայազգի մարդոց այն փաղանգին, որ անուն հանած է ոչ-հայկական շրջապատին մէջ՝ կեղծանունով կամ այլափոխուած մականուններով։ Կարեւոր ներկայութիւն մը եղած է ամերիկեան ճազի աշխարհին մէջ՝ իբրեւ ստեղծագործ ու նորարար պաս կիթառ նուագող։
Երուանդ Հարրի Պապասին (Պապասեան) ծնած է Մարտ 19, 1921ին, Տալասի մէջ (Թեքսաս)։ Հայրը ատամնաբոյժ էր, իսկ ամերիկացի մայրը՝ դպրոցի երաժշտութեան ուսուցչուհի։ Յաճախած է Նորթ Թեքսաս նահանգային համալսարանը, դառնալով այդ համալսարանի բազմաթիւ ճազ նուագող երաժիշտներէն մէկը։ Անոնց շարքին էին Ճիմի Ճուֆրէ եւ Հերպ Էլիս, որոնց հետ նուագած է 1940ական թուականներու սկիզբին։
1942ին, Պապասին մաս կազմած է Չարլի Ֆիսքի նուագախումբին ու լքած համալսարանը՝ շրջապտոյտի մեկնելու համար։ 1940ական թուականներուն, այլ ծանօթ երաժիշտներու հետ ալ շրջապտոյտներ կատարած է։ 1945ին, հաստատուած է Լոս Անճելըս՝ աշխատելով Չարլի Պառնէթի հետ, եւ միացած է Պենի Կուտմընի նուագախումբին, որուն հետ ձայնագրած է բազմաթիւ ձայնապնակներ։ 1947ին, առաջինը եղած է, որ թաւջութակով ճազի մենանուագներ ձայնագրած է։
1948ին, երեւցած է Հաուըրտ Հօքսի «Երգ մը ծնած է» ժապաւէնին մէջ, որուն գլխաւոր դերակատարը համբաւաւոր դերասան Տանի Քէյն էր։ Ճազի բազմաթիւ աստղեր դեր ունեցած են, ներառեալ՝ Պենի Կուտմըն, Չարլի Պառնէթ, Լուիս Արմսթրոնկ, Լայոնէլ Համփթըն եւ ուրիշներ։ Նկարահանման ընթացքին, ծանօթացած է պրազիլացի կիթառահար Լաուրինտօ Ալմէյտային, որուն հետ կազմած է քառեակ մը (միւս անդամներն էին թմբկահար Ռոյ Հարթ եւ սաքսոֆոնահար Պըտ Շէնք), որ պրազիլական երաժշտութիւնն ու ամերիկեան ճազը համախառնելու վաղագոյն փորձը կատարած է։ Անոր ձայնապնակները՝ 1954ին, կանխած են պոսա նովա պրազիլական երաժշտութեան ծաւալումը 1950ականներու վերջերուն եւ 1960ականներու սկիզբներուն։ 1950ականներու կէսերուն, երաժիշտը իր սեփական խումբը ստեղծած է՝ “Harry Babasin & the Jazzpickers”, դառնալով իր սերունդի հազուագիւտ պաս կիթառ նուագողներէն, որ նաեւ նուագախումբի ղեկավար էր։ Այս խումբը երեք ձայնապնակ հրատարակած է։ Պապասին նաեւ համահիմնադիրներէն եղած է բարձր գնահատանքի արժանացած «Նոքթըրն» ձայնապնակի հրատարակչատան, որ կարճատեւ կեանք ունեցած է։
1960ական թուականներուն, Պապասինի գործունէութիւնը դանդաղած է։ Ան վերստին աշխատած է Չարլի Պառնէթի հետ, աջակցելով նշանաւոր կատակերգակ Պոպ Հոփին, որ ամերիկեան զօրքերուն առջեւ ելոյթ կ՚ունենար։ 1970ական թուականներուն, Պապասին ու Ռոյ Հարթ հիմնած են Los Angeles Theaseumը՝ ԱՄՆի արեւելեան ափի ճազի պատմութեան արխիւ մը։
Պապասինի երաժշտական վերջին շրջապտոյտը տեղի ունեցած է 1985ին՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Ճոն Պանիսթըրի, որ “The Bear” («Արջը») անունով մկրտած էր զայն՝ տպաւորիչ կերպարանքին եւ պաս կիթառ նուագելու ուժգին ձեւին համար։ Մահացած է Լոս Անճելըսի մէջ, Մայիս 21, 1988ին, մասնակցած ըլլալով թերեւս 1.500 ձայնագրութիւններու՝ իբրեւ պաս կիթառահար, առանց հաշուելու թաւջութակով աշխատանքը։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org )