Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԲԱՐՍԵՂ ԹՈՒՂԼԱՃԵԱՆ (ծնունդ՝ Ապրիլ 1, 1933)

Բարսեղ Թուղլաճեան հայ եւ թրքական լեզուաբանութեան ու բանասիրութեան մէջ լայնատարած գործունէութիւն տարած է, իբրեւ բառարաններու եւ հանրագիտարաններու հեղինակ, յատկապէս՝ ի յայտ բերելով արեւմտահայութեան մշակութային ու հանրային կարեւոր դերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։
Ծնած է Պոլիս, Ապրիլ 1, 1933ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Յովհաննէս Հինդլեանի հիմնած Նոր դպրոցին մէջ եւ ապա ուսումը շարունակած՝ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ 1951ին շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, բարձրագոյն ուսումը ստացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1955ին աւարտելով Միշիկընի համալսարանը։ Նոյն տարին գործի անցած է Անգարայի զինուորական ակադեմիային մէջ իբրեւ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի ուսուցիչ։
Թուղլաճեան, որ թրքական իրականութեան մէջ ծանօթ էր Բարս Թուղլաճը անունով, 1960ական թուականներէն սկսած է հրատարակել բազմալեզուեան բառարաններ՝ գիտութեան տարբեր ճիւղերու համար, որոնք մեծ ընդունելութեան արժանացած են ու երբեմն քանի մը հրատարակութեան արժանացած։ 1971-1973ին լոյս ընծայած է “Okyanus” 10 հատորնոց հանրագիտարանային բառարանը, որ թրքերէն լեզուի սահմանումներու ամենէն ծաւալուն բառարանն էր (1982ին հասած է վեցերորդ հրատարակութեան)։
Թրքական նիւթերով գրուած այլ աշխատութիւններու կողքին, Թուղլաճեան իր ամենէն մնայուն աշխատանքները իրագործած է հայկական բանասիրութեան մէջ։ Ընդհանրապէս գրած է թրքերէն, երբեմն՝ հայերէն ու անգլերէն։ Կարեւոր գործերէն մէկն է «ՕսմանեանճարտարապետութեանարեւմտականացմանժամանակաշրջաննուՊալեանընտանիքը» (1982) ծաւալունթրքերէն աշխատութիւնը (անգլերէն տարբերակ՝ 1990), ուր ընդգծած է Պալեան գերդաստանի բերած նպաստը Օսմանեանկայսրութեանճարտարապետականարուեստիզարգացմանպատմութեանմէջ, անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող ուրացման պատը քանդելով։Հայկական նիւթերով գրած է նաեւ ուրիշ գործեր՝ «Այվազովսկի Թուրքիոյ մէջ» (1983) (թրքերէն), «Պոլսոյ Իշխանաց կղզիները պատմութեան ընթացքին» (1989) եւ «Իսթանպուլի հայոց եկեղեցիները» (1991) (հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն)։
2000ական թուականներուն, Թուղլաճեան հրատարակած է քառահատոր աշխատութիւն մը թրքերէնով՝ «Արեւմտահայերը պատմութեան ընթացքին» խորագրով, որուն իւրաքանչիւր հատորը՝ 900 էջերու սահմաններուն մէջ, մանրամասնած է հայութեան դերը 289 թուականէն մինչեւ 1966, յատկապէս ընդգծելով անոր դերակատարութիւնը 1915էն առաջ եւ անոր բացակայութիւնը՝ 1915էն ետք։ Վերջին հատորը (1923-1966) լոյս տեսած է 2009ին, սակայն վերահաս հիւանդութիւնը թոյլ չէ տուած, որ հեղինակը իրականացնէ իր վերջին հատորը, որ պիտի ընդգրկէր 1966-2010 թուականները։
Թուղլաճեան ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ կատարած է (Փրոսփէր Մերիմէ եւ Կի տը Մօփասան) եւ հրատարակած է վիպակներ ու պատմուածքներ պոլսահայ մամուլին մէջ։
Բարսեղ Թուղլաճեան մահացած է Դեկտեմբեր 13, 2016ին, Պոլսոյ մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ ( www.armenianprelacy.org )