Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ (ծնունդ՝ 15 Ապրիլ, 1904)

Ինչպէս յաճախ պատահած է գիրի ու արուեստի պատմութեան մէջ, ողբերգական կեանքի մը զոհ գացած դէմքեր յետմահու կ՚արժանանան համբաւի։ Այդպէս պատահած է ամերիկեան եւ համաշխարհային նկարչութեան թերեւս ամենէն հռչակաւոր հայ դէմքերէն մէկուն՝ Արշիլ Կորքիի պարագային։
Բուն անունով՝ Ոստանիկ Մանուկ Ադոյեան, ապագայ նկարիչը ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Վանի Հայոց ձոր գաւառի Խորգոմ գիւղը, 15 Ապրիլ, 1904ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի եւ Վանի դպրոցներուն մէջ։ 1908ին հայրը Միացեալ Նահանգներ արտագաղթած է՝ զինուորական ծառայութենէ խուսափելու համար։ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութենէն եւ ռուսական նահանջին յաջորդած զանգուածային գաղթին ընթացքին, մօր՝ Շուշանիկ Տէր Մարտիրոսեանի, եւ երեք քոյրերուն հետ Էջմիածին գաղթած է, ապա փոխադրուած՝ Երեւան։ Ուսումը շարունակած է Երեւանի թեմական դպրոցին մէջ, ուր սորված է նկարչութիւն եւ փայտի փորագրութիւն։ 1916ին մեծ քոյրերը մեկնած են Միացեալ Նահանգներ, իսկ երեք տարի ետք մայրը սովամահ եղած է Երեւանի մէջ։ 1920ին, Ոստանիկ եւ քոյրը տեղափոխուած են Թիֆլիս, ապա՝ Պաթում, այնուհետեւ մեկնած Միացեալ Նահանգներ։ Ամերիկայի մէջ, ան վերստին հանդիպած է հօր, բայց մնայուն կապ պահած չէ։
1922ին Ոստանիկ Ադոյեան մտած է Պոստընի New School of Designը, ուր եղած է կիսաժամ դասատու, եւ 1924ին Արշիլ Կորքի անունը որդեգրած է, պնդելով որ վրացի ազնուական մըն էր կամ ռուս գրագէտ Մաքսիմ Կորքիի ազգական։ Նոյն տարին փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր 1925-1931ին դասաւանդած է Grand Central արուեստի դպրոցին մէջ։ 1920ական թուականներուն տպաւորապաշտութենէն անցած է խորանարդապաշտութեան (cubism) եւ վերջապէս յանգած է գերիրապաշատութեան (surrealism)։
1933ին, տնտեսական տագնապի օրերուն, Կորքի միացած է նկարիչներու օգնութեան կառավարական ծրագրին եւ անոր պատուէրով ստեղծած Նիւարքի օդակայանի (Նիւ Ճըրզի) որմնանկարներու շարք մը։ 1935ին ամուսնացած է Մարնի Ճորճի հետ, բայց ամուսնալուծուած է տարի մը ետք։ 1939ին մասնակցած է Նիւ Եորքի համաշխարհային ցուցահանդէսի զարդանկարչական աշխատանքներուն։
Կեանքի վերջին տասնամեակին, Արշիլ Կորքի հնչեղ գոյներով ինքնատիպ նկարներ ստեղծած է, որոնք հետագային արժանացած են համաշխարհային համբաւի իբրեւ վերացական արտայայտչապաշտութեան (abstract expressionism) ռահվիրայական գործեր։ Անոնց շարքին կարելի է յիշել «Այգիներ Սոչիի մէջ» (1938) նկարաշարը, «Թէ ինչպէս մօրս ասեղնագործ գոգնոցը կը բացուի կեանքիս մէջ» (1944), «Արօրն ու երգը» նկարաշարը (1944-1947), եւ այլն։ Կորքիի թերեւս ամենէն նշանաւոր գործը «Արուեստագէտը իր մօր հետ» նկարն է (1926-1932)։ Մանկութեան եւ Մեծ Եղեռնի ազդեցութիւնը նկատուած է անոր գործերուն մէջ։
1941ին Կորքի երկրորդ անգամ ամուսնացած է Ակնէս Մակրուտըրի հետ, որմէ ունեցած է երկու աղջիկ՝ Մարօ եւ Նաթաշա։ 1945ին փոխադրուած է Ռոքսպըրի (Քընէթիքըթ), սակայն 1946ին բազմաթիւ ողբերգական պահերու դէմ յանդիման գտնուած է. նախ արուեստանոցը, 36 նկար եւ գրադարանը այրած են, եւ ապա՝ քաղցկեղի վիրահատութիւն ունեցած։ Կինը համբաւաւոր չիլիցի նկարիչ Ռոպերթօ Մաթայի հետ սիրային արկած մը ունեցած է։ Տագնապալի պահերը շարունակուած են. 1948 թուականին ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով ողնաշարը վնասուած է, որուն պատճառով աջ ձեռքը ժամանակաւորապէս անդամալուծուած է։ Կինն ու աղջիկները զինք լքած են։ Չդիմանալով իրերայաջորդ ձախողութիւններուն, Արշիլ Կորքի անձնասպան եղած է 21 Յուլիս 1948ին, Շերմընի մէջ (Քընէթիքըթ)։ Թաղուած է նոյն քաղաքի «Նորթ» գերեզմանատան մէջ։