Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌՈՒԲԷՆ ՕՐԲԵԼԻ (մահ՝ Մայիս 9, 1943)

Օրբելի երեք եղբայրները՝ Լեւոն,Յովսէփ եւ Ռուբէն, խորհրդային եւ հայ գիտութեան տարբեր բնագաւառներու կարեւոր նպաստներ բերին։ Աւագը՝ Ռուբէն Օրբելի, իրաւաբանութեան երկարամեայ ասպարէզէն ետք պիտի անցնէր հնագիտութեան, դառնալով ստորջրեայ հնագիտութեան հիմնադիրը Խորհրդային Միութեան մէջ։
Ռ. Օրբելի ծնած է Փետրուար 7, 1880ին, Նախիջեւանի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քութայիսի (Վրաստան), ապա՝ Թիֆլիսի 3րդ գիմնազիոնին մէջ։ 1903 թուականին աւարտած է Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը, իսկ այնուհետեւ աշխատանքի անցած է նոյն համալսարանի քաղաքացիական իրաւունքի ամպիոնին մէջ։ 1905-1907ին, ուսանած է Գերմանիոյ Ենայի եւ Պոննի համալսարանները, ուր ստացած է իրաւունքի դոկտորի գիտական աստիճանը։ Վերադառնալով Ռուսաստան, Ս. Փեթերպուրկի կայսերական համալսարանի իրաւաբանական ընկերութեան լիիրաւ անդամ ընտրուած է եւ աշխատանքի անցած՝ Ծերակոյտին մէջ, վճռաբեկ յանձնաժողովի աւագ քարտուղար նշանակուելով։
1918ին, Ռուբէն Օրբելի գործի անցած է Թամպովի պետականհիմնարկի  մանկավարժութեանճիւղի բարոյագիտութեան ամպիոնին մէջ, դասաւանդելով իրաւունք եւ փիլիսոփայութիւն։ 1921ինվերադառնալովՓեթրոկրատ,ՌուսաստանիԳիտութիւններու Ակադեմիայի գրադարանը սկսած է աշխատիլ։ Այս տարիներուն աշխատելով արխիւներուն եւ գրադարաններուն մէջ, կատարած է թարգմանութիւններ եւ դարձած՝ գրադարանային եւ արխիւային գործի յայտնի մասնագէտ։ Այդ ժամանակ իր կոչումն ու կեանքի գործը գտած է՝ ստորջրեայ հետազօտութիւններու բնագաւառը։
1934էն սկսեալ, Օրբելի ղեկավարած է Խորհրդային Միութեան ծովերու եւ գետերուստորջրեայաշխատանքներույատուկնշանակութեանարշաւախումբը։Ասորեստանեանհարթաքանդակներու, ջրասուզակներուպատկերներովկնիքներու, յունականհեղինակներու երկերուուսումնասիրութեամբպարզածէ ջրասուզակներու ընկերայինպատկանելութիւնը, խնդիրները, աշխատանքիպայմանները, հանդերձանքնութեքնիքը։ Այս նիւթին առնչութեամբ ուսումնասիրած է նաեւ Լէոնարտօ տա Վինչիի գրականութիւնը եւ 18րդ դարու Ստորջրեայհնագիտութեանգործիհսկայականգրականութեանեւարխիւայիննիւթերուուսումնասիրութեան հետեւանքովՕրբելիգիտութեաննորճիւղ մը հիմնեց՝ջրահնագիտութիւնը։
Օրբելիընդամէնը տասնհինգ տարիզբաղած է սուզակայինգործիգիտականուսումնասիրութեամբ՝ սկզբնաղբիւրներու առաջնահերթ օգտագործումով,որուննպաստածէ 12 լեզուներու (ռուսերէն, վրացերէն, հայերէն, լատիներէն, յունարէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, շուէտերէն, արդի եւ հին իտալերէն)։Անոր ղեկավարածարշաւախումբերըյայտնաբերած են ստորջրեայյունականքաղաքիմնացորդներՂրիմի մէջ։ Ան տուած է ստորջրեայկառոյցներըպաշտպանելունպատակովծովեզերքներըամրացնելուգաղափարը եւ առաջարկած՝  հնագոյնառարկաներըջուրէնհանելուեւպահպանելուեղանակներ։
Օրբելիռուսերէնով հեղինակած է իրաւաբանականշարքմը աշխատութիւններ, ջրահնագիտական քանի մը հատորներ եւ գերմաներէնէ ու ֆրանսերէնէ թարգմանութիւններ։
Մահացած է Մոսկուայի մէջ, Մայիս 9, 1943ին, ու թաղուած՝ հայկական գերեզմանատան մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).