Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ (մահ՝ Յուլիս 7, 1935)

Այս տարի Քարէն Եփփէի՝ հայ որբերու պահապան հրեշտակին մահուան 85ամեակն է։ Անոր յիշատակը կը շարունակէ վառ մնալ, յատկապէս իր անունը կրող Հալէպի ճեմարանին միջոցով, որ տուրք մըն է անոր զոհաբերումին՝ հայ ժողովուրդի սիրոյն։
Քարէն Եփփէ ծնած է Դանիոյ Կիլլինկ քաղաքը, Յուլիս 1, 1876ին։ Նախակրթարանի ուսումը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, եւ գերմաներէն ուսանելէ ետք, երկրորդական ուսման հետեւած է Քոփենհակընի գիշերօթիկ դպրոցներէն մէկուն մէջ։
Համիտեան ջարդերու լուրերը իր մէջ արթնցուցած է հայոց օգնութեան հասնելու բուռն ցանկութիւնը։ 1903ին, հօր կամքին հակառակ, Ուրֆա մեկնած է՝ գերմանական առաքելութեան միանալու։ Հոն մեկնելէ առաջ, Քարէն Եփփէ երկու հայ որբերու՝ Լուիզա Նաթանեանի եւ Միսաք Մելքոնեանի խնամքի ծախսերը սկսած էր հոգալ։ Հետագային, ան որդեգրած է զանոնք եւ ամուսնացուցած իրարու հետ։ Ուրֆայի մէջ, ստանձնած է 300 որբերու խնամքն ու դաստիարակութիւնը։ Հայերէնի կողքին, սորված է արաբերէն, թրքերէն եւ քրտերէն։ 1908ին կարճ ժամանակով Դանիա վերադառնալէ ետք, ուր դասախօսութիւններ տուած է հայկական ողբերգութեան մասին, վերստին մեկնած է Ուրֆա՝ իր պաշտօնին գլուխը, ուր պիտի մնար Մեծ Եղեռնի օրերուն։
Ուրֆայի հերոսամարտին ինքնապաշտպանութեան դիմած ժողովուրդին օժանդակելէ ետք, երկու տարի շարունակ Քարէն Եփփէ օգնած է թաքստոցներ գտնել թրքական խուզարկութիւններէ փախչող հայերուն՝ ներառեալ իր երկու հոգեզաւակները։ Ուժասպառ, առողջական ծանր վիճակի մատնուած է եւ 1917ին մեկնած Դանիա՝ ապաքինուելու համար։
Դանիոյ մէջ, Քարէն Եփփէ դասախօսութիւններ տուած ու յօդուածներ գրած է, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը եւ աշխատելով նիւթական օժանդակութիւն հաւաքել։ Յորդորած է իր հոգեզաւակները, որոնք կ՚ուզէին Պոլիս, Եւրոպա կամ Ամերիկա անցնիլ, որ մնան Հալէպ։ 1921ին, ան հաստատուած է Հալէպ եւ անհատական ճիգերով լծուած՝ տարագիր հայութեան խլեակներուն օգտակար ըլլալու։ Իրեն զօրավիգ եղած է Հայերու Դանիացի Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը։
Սիւլէյմանիէի հիւղաւանին մէջ պաշտպան կանգնելով այրի կիներու եւ որբերու, Թիլէլ թաղամասին մէջ հաստատած է աշխատանոց մը՝ հայ կիներու եկամուտի աղբիւր հայթայթելու մտահոգութեամբ, որ գործած է աւելի քան քառորդ դար։ Աջակցած է Ազգերու Լիկայի ջանքերուն՝ ստրկութեան ու սեռային շահագործման ենթարկուած հայ կիներն ու աղջիկները փնտռելու գործին մէջ։ 1922ին Ազգերու Լիկայի ներկայացուցիչ նշանակուած է՝ գաղթական հայերու տեղաւորման հարցերով զբաղելու համար, յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսը, ուր հիմնած է ամբողջութեամբ հայերով բնակեցուած Թինա գիւղը։ Իր անխոնջ ջանքերով, հազարաւոր այրիներ ու որբեր վերադարձած են հայութեան։ Միաժամանակ, բազմաթիւ հայ գաղթականներ յաջողած են գործ գտնել ու իրենց ապրուստը հայթայթել։
1924ին, Ազգերու Լիկայի տրամադրած պիւտճէով, Քարէն Եփփէ Հալէպէն դուրս իր անունով գնած է 10.000 քառակուսի մեթր տարածութիւն մը՝ Մէյտան կոչուող տեղը, ուր 1926ին եւ 1929ին շինել տուած է ինը միայարկ տաղաւարներ՝ 80 սենեակներով, ուր պատսպարած է իր որբեւայրիները 200 որբերով։ Ան նիւթական ու բարոյական մեծ նպաստ բերած է Մէյտանի հարաւային կողմը գտնուող «Սահակեան» ազգ. վարժարանի (1927) եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (1930) շինութեան։ Գաղթականները Մէյտանը պիտի վերանուանէին Նոր Գիւղ։
1926ին Քարէն Եփփէ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Բ. Խապայեանի սրբատառ կոնդակին եւ Դանիոյ պետութեան Պատուոյ Լեգէոնի ասպետի առաջին կարգի շքանշանին։ 1928ին, Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան յոբելինական հաւաք մը կազմակերպած է «Հայկազեան» ազգ. վարժարանին մէջ՝ Քարէն Եփփէի հայանպաստ գործունէութեան 25ամեակին առիթով։
Ծանր աշխատանքի բեռան տակ, Քարէն Եփփէի փխրուն առողջութիւնը չէ կրցած տոկալ։ Ան հիւանդացած է ժանտատենդով եւ իր մահկանացուն կնքած՝ Յուլիս 7, 1935ին, 59 տարեկանին։ Թաղուած է Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Մահէն 12 տարի ետք, 1947ին, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Բերիոյ Թեմի առաջնորդի՝ Զարեհ վրդ. Փայասլեանի (հետագային՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) ջանքերով, Քարէն Եփփէի հիւղաւաններու կալուածին վրայ հիմնուած է «Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարանը։ Տարիներ ետք, հին հիւղաւանները քանդուած են ու շինուած՝ արդիական ճեմարանը, որ կը գործէ մինչեւ այսօր։ Անոր շրջափակին մէջ զետեղուած է Քարէն Եփփէի կիսանդրին։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).