Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՆԱՐ-ԴՈՍ (մահ՝ Յուլիս 13, 1933)

Նար-Դոսի անունը իր ուրոյն տեղը պահած է արեւելահայ գրականութեան մէջ իբրեւ իրապաշտութեան ներկայացուցիչ՝ Շիրվանզադէի կողքին։
Միքայէլ Յովհաննիսեան ծնած է Մարտ 13, 1867ին, Թիֆլիսի մէջ, բուրդ վաճառողի մը ընտանիքին մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական դպրոցին մէջ, եւ ապա ուսումը շարունակած է քաղաքի Նիկոլաեւեան դպրոցին մէջ։ Թէեւ ընդունուած է Քութայիսի նահանգի Խոնի ուսուցչական վարժարանին մէջ, բայց ապրուստի միջոցներ չունենալով՝ ուսումը անաւարտ ձգած ու Թիֆլիս վերադարձած է։ Այդպէս է, որ անցած է արհեստի եւ փականագործութիւն սորված է «Միքայէլեան» արհեստագործական դպրոցին մէջ, բայց շուտով ձգած է՝ լրագրական ասպարէզը մտնելու համար։
1880ական թուականներուն, արդէն սկսած էր իր գեղարուեստական փորձերը՝ բանաստեղծութիւններով, ապա՝ պատմուածքներով։ Գրած է նաեւ թատերախաղեր ու առաջին վիպական փորձերը՝ վիպակներու եւ վէպերու ձեւին տակ։ Կեանքի իրապաշտ վերլուծման առաջին փորձը կատարած է 1888ին՝ Նար-Դոս գրչանունով, «Աննա Սարոյեան» նամականի-վիպակին մէջ։ Այստեղ, ընտանիքի մը կործանումի ընդմէջէն, գրագէտը ներկայացուցած է մարդու իտէալներուն եւ իշխող հանրութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող մեծ խզումը։
1890-1906ին «Նոր դար» օրաթերթի պատասխանատու քարտուղար եղած է։ Այս շրջանին զուգադիպած է Նար-Դոսի ստեղծագործութեան նոր շրջանը՝ հոգեբանական վերլուծման խորութեամբ։ 1898ին լոյս տեսած «Սպաննուած աղաւնին» վիպակին մէջ, ան ներկայացուցած է կնոջ մը խեղուած ու ողբերգական ճակատագիրը։ Համակերպումը չէ, որ հերոսուհին՝ Սառան, կործանման կ՚առաջնորդէ, այլ ընկերութեան մէջ բոլոր դատապարտուածներուն անունով կատարած բողոքը։ Այս վիպակը 2009ին հայկական համանուն շարժապատկերի նիւթը եղած է։
1904ին «Աղբիւր-Տարազ» պարբերականին մէջ Նար-Դոս աշխատած է իբրեւ քարտուղար եւ սրբագրիչ, իսկ 1913-1918 թուականին՝ «Սուրհանդակ» թերթին մէջ։ Իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնները հրատարակած է 1911-1912ին։ «Պայքար» (1911) վէպին մէջ աշխատած է ցոյց տալ ժամանակի հայ իրականութեան գլխաւոր հանրային հոսանքներուն՝ պահպանողականներուն եւ ազատականներուն բախումը, շօշափած է ընկերային խնդիրներ, ցոյց տուած է կեանքի ողբերգական ելեւէջները եւ քննադատած՝ հանրութեան անտարբերութիւնն ու արհամարհանքը անհատին հանդէպ: Իսկ «Մահը» (1912) վէպին մէջ ներկայացուած են կեանքի յոռետես փիլիսոփայութիւն որդեգրած երիտասարդի մը հայեացքները, որոնց հակադրուած է թրքական բռնատիրութեան դէմ պայքարին մէջ զոհուած անհատը։
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, որոշ ժամանակ շարունակած է սրբագրիչի աշխատանքը։ 1931ին Նար-Դոսի գրական գործունէութեան 45ամեակը տօնուած է եւ անոր շնորհուած՝ Վրաստանի ժողովրդական գրողի կոչում։
Տաղանդաւոր վիպասանը մահացած է Թիֆլիսի մէջ, Յուլիս 13, 1933ին։ Որդին՝ Նար Յովհաննիսեան (1913-1995), Երեւանի օփերայի թատրոնի մեներգիչ էր եւ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ։ Նար-Դոսի անունով կոչուած են փողոց մը եւ դպրոց մը Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ փողոցներ՝ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր քաղաքներու մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).