Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍԱՐԳԻՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ (ծնունդ՝ Օգոստոս 9, 1886)

Նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեան ո՛չ միայն իր ուրոյն տեղը ունի հայ նկարչութեան մէջ, այլ նաեւ հետաքրքրական նպաստ մը բերած է համաշխարհային մշակոյթին՝ պատճէնահանումի իր աշխատանքով։
1908ին Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը աւարտելէ ետք, արուեստի ուսումը ստացած է Հռոմի Գեղարուեստի ակադեմիային (1908-1911) եւ Փարիզի զարդարուեստներու դպրոցին մէջ (1912-1914)։ Մեծ Եղեռնէն փրկուելով, անցած է Անդրկովկաս եւժողովուրդինողբերգութեան ականատես ըլլալով, այդդարձած էիր ստեղծագործութեանհիմնականնիւթը։Յովհաննէս Թումանեան, Անդրանիկ եւ ուրիշներ զինք կոչած են «հայոց վշտի երգիչ»։ 1917 թուականին ԹիֆլիսիՀայԱրուեստագէտների Միութեան անդամակցած է ։  1921ին հաստատուած է Երեւան ու խորհրդահայ առաջինթղթադրամներուն հեղինակը եղած, սակայն երկար չէ մնացած Խորհրդային Հայաստանի մէջ, փոխադրուելով Վիեննա։
1920ական թուականներու առաջին կէսի գործերը մեծ մասամբ նուիրուած են Հայաստանի բնութեան, տօնախմբութիւններուն եւ գաղթականութեան։ Խաչատուրեան աշխատած է դասական, մասնաւորապէս իտալական արուեստի սկզբունքները համադրել տպաւորապաշտ գեղագիտական ըմբռնումներուն, յատկապէս՝ լրացուցիչ գոյնի եւ լոյսի դերի հարցին մէջ։ 1924 թուականին Վիեննայի մէջ հրատարակած է «Արմենիա» ալպոմը։ Եղած է Վիեննայի գեղարուեստագէտներու միութեան անդամ, ինչպէս եւ 1926ին Փարիզի «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերութեան հիմնադիրներէն եւ քարտուղարը։ Այս շրջանին դիմանկարը գերիշխող դարձած է անոր ստեղծագործութեան մէջ։
1931ին Սարգիս Խաչատուրեան Իրանի կառավարութեան հրաւէրով Սպահան մեկնած է՝ Սեֆեան շրջանի որմնանկարները վերականգնելու, եւ միաժամանակ պատճէնահանումներ կատարած է, որոնք ցուցադրուած են Փարիզի եւ Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ։ 1934ին հիմնած է Նոր Ջուղայի հայկական արուեստի թանգարանը։
1937ին Խաչատուրեան առաջին անգամ ձեռնարկած է Հնդկաստանի եւ Սրի Լանքայի 6րդ-12րդ դարերու տաճարներու անմատչելի եւ արուեստագիտութեան անծանօթ որմնանկարներուն պատճէնահանումին։ Հինգ տարի ուսումնասիրելով հին հնդկական մշակոյթը, Խաչատուրեան տարուած է հնդկական իմաստասիրութեամբ ու ապրած՝ ճգնաւորի կեանքով։ 1942ին այդ պատճէնները ցուցադրուած են Փարիզի եւ Ամերիկայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Հնդկական մշակոյթի այդ մեծարժէք գործերը հայ արուեստագէտին շնորհիւ յայտնութիւն եղան եւ հարստացուցին համաշխարհային արուեստի գանձարանը։
Նկարիչը մահացած է Մարտ 4, 1947ին, Փարիզի մէջ։ Մահուան երեսնամեակին, անոր այրիին՝ նկարչուհի Վավա Խաչատուրեանի ջանքերով, աճիւնը փոխադրուած ու թաղուած է Երեւանի մէջ։
Այս սիւնակին նախորդ գրութիւնները կրնաք գտնել Առաջնորդարանիս կայքէջին մէջ (www.armenianprelacy.org).