Ա.- ՍԲ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ — ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ
2020-2021 դպրոցական տարեշրջանի վերամուտին, Ս. Ստեփանոս ազգ. վարժարանը իր 36րդ տարին թեւակոխեց, իսկ վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Պոյամեանը իր անխոնջ ծառայութեան 33րդ տարին սկսաւ։ 14 Սեպտեմբերի առաւօտուն, հեռավար կերպով, Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան եւ տնօրէնուհի տիկ. Պոյամեան բարի ու յաջող տարուան մաղթանքներով ողջունեցին աշակերտները։
Տնօրէնութեան, առողջապահական եւ ուսումնական Յանձնախումբերու եւ այս առիթով կազմուած մասնաւոր յանձնախումբին աշխատանքով, աշակերտներուն համար ստեղծուեցան լաւագոյն պայմանները, զորս հնարաւոր է այս օրերուն։
Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներուն մէկ երրորդը դասընթացքներուն տունէն կը մասնակցին, իսկ երկու երրորդը՝ դպրոց գալով:
Դպրոցը ֆիզիքապէս յաճախող աշակերտները շաբթուան մէկ օրը միւս ընկերներուն պէս հեռավար կերպով կը հետեւին դասերուն։ Իսկ մանկամսուրի աշակերտները հինգ օր դպրոցի շէնքը կը հաւաքուին:
Դպրոցական ընթացքի այս նոր պատկերը ծնողներուն յստակացնելու միտումով՝ յատուկ հեռավար ծնողական ժողովներ կազմակերպուեցան։
Մինչեւ այսօր իրագործուեցան ու կը ծրագրուին օրուան համաձայն քանի մը յայտագիրներ.
Հայ Մշակոյթի Օրուան տօնակատարութիւն
Հայ Մշակոյթի օրը նշուեցաւ ճոխ յայտագրով։ Տիկ. Պոյամեան ներկայացուց հայ մշակոյթի տարբեր երեսները։ Այնուհետեւ, հայ գիրերու ստեղծման մասին ցուցադրուեցաւ շարժանկար մը։ Տեղի ունեցաւ տաղանդներու ներկայացում, Ա. – Ե. կարգերու աշակերտներու մասնակցութեամբ՝ ջութակով, դաշնակով, երգով եւ գծագրութեամբ, գլխաւորաբար հայկական գործերով: Յայտագիրը աւարտեցաւ շարժանկարով մը, որ աւանդական պար մը (Քոչարի) սորվեցուց աշակերտներուն:
Ծննդեան հանդէս
Պատրաստութիւններ արդէն սկսած էին Ս. Ծննդեան հանդէսը հեռավար կերպով կատարելու համար: Սակայն, Արցախի ու հայրենիքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ամէն ինչ շրջեց։
Արտադասարանային ձեռնարկ
Վարժարանը 19 Հոկտեմբերէն 20 Նոյեմբեր հեռավար կերպով դասեր հրամցուց 4-5 տարեկան աշակերտներու համար, շաբաթը երեք անգամ, նկատի ունենալով ո՛չ միայն վարժարանի ներկայ աշակերտները, այլ գլխաւորաբար այն փոքրիկները, որոնք ներկայիս Ս. Ստեփանոս չեն յաճախեր:
Դրամահաւաք Արցախի համար
Արցախի օգնութեան համար, Ս․ Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտները գոյացուցին 5.776 տոլար: Այս գումարը հասաւ 10.000 տոլարի խնամակալութեան եւ անձնակազմի նուիրատուութիւններով:
Նամակներ եւ գծագրութիւններ մեր զինուորներուն համար
Դրամահաւաքի կողքին, պատասխանատուները աշակերտները մղեցին նամակներ եւ գծագրութիւններ պատրաստել վիրաւոր կամ ճակատի վրայ կռուող զինուորներուն համար:
Դեկտեմբեր 16ին հեռավար ծնողական ժողովներ տեղի պիտի ունենան, ուր ուսուցիչները ծնողներուն պիտի տեղեկացնեն իրենց զաւակներու յառաջդիմութեան մասին։
Մէկ խօսքով՝ այս բոլորի կազմակերպութիւնը կ՚ենթադրէր անդուլ-անդադար աշխատանք ամբողջ ամառնային արձակուրդի ընթացքին։