Մեր դպրոցներէն

Տ. ՀՐԱՆԴ ՔՀՆ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) կիրակնօրեայ վարժարանի հինգերորդ հանդիպումի բացումը աղօթքով կատարեց հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանը։ Ընդհանուր հաւաքոյթի ընթացքին, տիկ. Սինա աշակերտներուն խօսեցաւ աղօթքի ուժին, ինչպէս եւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի ու Արցախի համար աղօթելու մասին։ Եթէ ձեր զաւակը արձանագրուած չէ կիրակնօրեայ վարժարան, կրնաք դիմել sundayschool.stsarkis@gmail.com հասցէին։ 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *