Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ՄԵՐԺԵԼՈՒ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼՈՒ

Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքէն հայ ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ըրաւ «մերժել օրհասական պայմաններուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած եւ փաստօրէն զինադուլի համաձայնութենէն անդին, երկդիմի ու անորոշ կէտերով լեցուն եւ վտանգալից հետեւանքներով յղի ներկայ փաստաթուղթը»:
 
Ողջունելէ ետք հերոսաբար Արցախի հողը պաշտպանած մեր քաջ բանակը, ան ըսաւ, թէ «պատերազմը չէ աւարտած. հետեւաբար, հարկ է ըլլալ միակամ, զգօն ու իրատես՝ դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամային հանգրուանը»:
 
Նորին Սրբութիւնը պայմաններու պարտադրանքով Հայաստան ապաստանած արցախցիներուն կոչ ուղղեց վերադառնալու իրենց տուները եւ իրենց կեանքը վերակազմակերպելու: Միաժամանակ, ան «հրամայական նկատեց Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի միացեալ ճիգով եւ դերերու յստակացումով»:
 
Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, թէ ներկայ «ճակատագրական պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է հեռու մնալ անձնական ու կողմնակի մօտեցումներէ եւ գործել ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն մղուած»:
 
Կոչ ուղղելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.fa[ «Մեր հաւաքական վճռակամութեամբ թոյլ պէտք չէ տանք, որ մեր ազգին ու հայրենիքին անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, իրաւունքն ու արժանապատուութիւնը ենթակայ դառնան աշխարհաքաղաքական հաշիւներու ու փանթուրանական ծրագիրներու»: Ան յիշեցուց, թէ «համազգային բնոյթ ունեցող խնդիրներ հարկ է միասնաբա՛ր քննել ու համազգային մաշտապով որոշում կայացնել»։ Միաժամանակ ընդգծեց, թէ «ժողովուրդին կամքը պէտք է մնայ գերակայ ու ճշդորոշիչ բոլո՛ր պարագաներուն, բոլո՛ր ժամանակներուն ու բոլո՛ր պայմաններուն մէջ՝ միշտ յարգելով սահմանադրութեամբ ճշդուած սկզբունքներն ու գործընթացները»:
 
Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական խօսքը փակեց հետեւեալ կոչով.- «Բոլորս, անխտիր, համարատու ենք ժողովուրդին եւ պատասխանատու՝ պատմութեան դիմաց։ Հայութիւնը եւ հայրենիքը ամէն բանէ վե՛ր: Մեր հողերը եւ մեր սրբութիւնները ամէն բանէ վե՛ր: Ա՛յս գիտակցութեամբ ու ա՛յս յանձնառութեամբ պէտք է գործենք ու պայքարինք այսօր, վաղը եւ միշտ»:  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *