Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

Ի ԽՆԴԻՐ ՑԱՆԿԱԼԻ ԱՊԱԳԱՅԻ

Կիրակի, 27 Սեպտեմբերէն սկսեալ, ահազանգի մատնուած աշխարհացրիւ հայութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ աննախընթաց կերպով երկար ժամանակ երազուած միասնականութիւնը կեանքի կոչեց, դիմագրաւելով Արցախի գոյութեան սպառնացող թուական եւ զինական գերակայութեամբ օժտուած Ատրպէյճանի յարձակումը։ Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբերէն ի վեր ուխտապահ միաբանութիւնը ազգիս Հայոց, դժբախատաբար, գահավիժային ընթացք արձանագրեց ի լուր Հայաստանի կառավարութեան կնքած դաշնագրին, որ կը գերազանցէր նախորդ երեք տասնամեակներու ակնկալուած զիջումները։   

Պատերազմի ճարտարապետը ակնյայտ էր՝ Հայ ժողովուրդի դահիճ ազգը, որ ամենայն հետեւողութեամբ  պատրաստուած էր այս օրուան՝ ամբողջացնելու իր անկատար ծրագիրը։ Մեկնելով ներկայ ռազմաքաղաքական պայմաններէն, շրջանցելով Մայր Հայաստանը, ան այնքան ճարտարութեամբ թիրախ դարձուցած էր Արցախը, խաբուսիկ համոզում գոյացնելով որ արցախեան հարցի լուծումով բարի դրացնութեան վարդահեղեղ արշալոյսներ կը բացուին: Պատմութիւնը վկայ, որ «բարեխնամ» դահիճ ազգին՝ բարգաւաճ Հայաստան ստեղծելու հեռանկարը, միայն ու միայն կը սալայատակէ Երեւան – Տէր Զօր մայրուղին։      

Որքան որ ծանր է ընդունիլ ներկայի պարտադրուած իրողութիւնը, որուն բոլոր ծալքերը չեն բացայայտուած ցարդ, սիրելի հարազատներ, առանց զիրար մեղադրելու ու վիրաւորելու եւ իրարու սպառնալու որպէս տարբեր գաղափարախօսութեանց, հաւատամքի կամ ըմբռնումի հետեւող անհատներ, բեկանուած սրտով, բայց անբեկանելի կամքով լսե՛նք ու հասկնա՛նք զիրար որպէս աշխարհացրիւ Հայկեան ընտանիքի անդամներ, եւ թէկուզ մեր սխալներէն օգտուելով՝ կերտենք բոլորիս ցանկալի ապագան։

Աչքէ անցընելով  վերջին 45 օրերու Հայոց Պատմութիւնը, եթէ կարելի է այսպէս կոչել զայն, Սեպտեմբեր 27ին յաջորդող համահայկական մեր փորձառութիւնը ապացուցեց մեզի, թէ որքան հզօր ենք, երբ Արցախ-Հայրենիք-Սփիւռք միասնաբար կը գործենք, հիացում պարտադրելով նոյնիսկ բոլոր այն ազգերուն, որոնք լռելեայն վկայեցին մարտիրոսացեալ մեր ժողովուրդի նոր օրերու Ոդիսականը: Հայրենի ժողովուրդի միահամուռ զօրակցութիւնը՝ Կառավարութեան եւ Բանակին, իսկ Սփիւռքի մէջ՝ անկախ դրամահաւաքներէ, հայրենասիրութեան ոգիի հրաբխային ժայթքումը մեր նոր սերունդին մէջ, խանդավառութեամբ ու հպարտութեամբ կազմակերպուած ցոյցերն ու հաւաքները, աղօթքներն ու մոմավառութիւնները, տարբեր երկիրներու մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքները՝ որպէսզի օտար ընկերութիւններ հրաժարին մեր դահիճ ազգին ռազմական պիտոյքներ հայթայթելէ, ի մի բան՝ «Հայաստան ամէն բանէ վեր» հրաշքի համազօր աննախընթաց այս համակարգի իրագործումը բաւ է հաստատելու մեր ժողովուրդի լինելութեան գոյապայքարի եւ սրբազան ուխտագնացութեան իւրայատուկ նկարագիրը:

Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքահայութեան կարեվէր սիրտը որեւէ ժամանակէ աւելի ԱՅՍՕՐ պէտք ունի այս նոյն հաւաքական կեանքի շարունակութեան եւ առաւել զարգացման։ Այրող տան կրակը քննադատութիւնները եւ  ինքնարդարացումները չէ որ կը շիջեցնեն, այլ անսակարկ յանձնառութիւնը, առաջքը առնելու նախ աղէտի տարածման, եւ ապա վերաշինելու քանդուածը՝ աւելի տոկուն ու հոյակերտ։

Ժողովո՛ւրդն է Տէրն ու Ծառան անցեալի, ներկայի ու ապագայի Հայրենիքին: Ժողովո՛ւրդն է ծնողը Մշակին, Ղեկավարին ու Դիւցազնին:  Ըստ այնմ, եկեղեցական թէ աշխարհական բոլոր կառոյցները, առաջնորդի դիրքի մէջ ըլլալով հանդերձ, անխտիր հաշուետու են Աստուծո՛յ եւ Ժողովուրդի՛ն: Ոեւէ սերունդէ աւելի, ներկայ կառավարութեան գերագոյն ներոյժը կը կայանայ ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան մէջ, որ երկուքուկէս տարիներ առաջ իրագործուեցաւ Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ՝ առանց արիւնահեղութեան, հիացում պատճառելով ողջ աշխարհին: Նախկին կառավարութիւնը իր բոլոր «կոռուպցիաներով» հանդերձ, եթէ օրինակելի ժառանգութիւն մը թողուց, այն է՝ որ առանց բռնութեան ժողովուրդի կամքին առջեւ խոնարհեցաւ։ Ներկայ ազգային ճակատագրական տագնապին հրամայականը կը պահանջէ, որ ժողովուրդով լիազօրուած կառավարութիւնը ընդառաջէ ժողովուրդի կամքին եւ վստահի հաւաքական նոր ոյժի զօրաշարժի մը։

Արեւելեան Ամերիկայի Ազգային Առաջնորդարանին համար հայրենաշինութեան նուիրական առաքելութիւնը, մանաւանդ 1988ի սահմռկեցուցիչ երկրաշարժէն ի վեր, յանձնառութեան անշեղ սկզբունք եղած է՝ Երեւանի մէջ հաստատած «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական Կազմակերպութեան միջոցաւ։ Խաչի ճամբով եւ Յարութեան տեսլականով, նոյն եւ աւելի յանձնառութեամբ կը շարունակենք այդ առաքելութիւնը, համայն մարդկութեան ցանկալի դարձնելու համար՝ Հայաստան երկիր դրախտավայրը։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *