ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ՏԱՆՔ, ՅԻՇԵՆՔ ԵՒ ԱՂՕԹԵՆՔ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԻՐԱԿԻ ՕՐՈԻԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻՆ
Այսօր Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի տասներորդ Կիրակին է: Սուրբ գրքի խորհրդածութեանս նիւթը Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներու ուղղուած Թուղթէն առնուած է (Փլ 1. 1-11): Այս նամակը որքան որ հովուական նկարագիր ունի, միաժամանակ սիրոյ եւ հոգածութեան անձնական բացառիկ կնիք մը կրէ: Առաքեալը Փիլիպպեցիներու եպիսկոպոսներուն, սարկաւագներուն եւ բարեպաշտներուն կը գրէ, թէ «ինք գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ ամէն անգամ երբ կը յիշէ զիրենք, եւ մշտապէս ուրախութեամբ կ՛աղօթէ բոլորին համար․․․»:
Այս նախադասութեան բառամթերքը ինքնին հարուստ հանք մըն է խորհրդածութեան, եւ շատ բան կ՚ըսէ Աղօթքի եւ անոր զօրութեան մասին:
ա. Պօղոս Առաքեալ ամէն բանէ առաջ մեզի կը սորվեցնէ, թէ գոհութիւն տալը մեր կեանքի բոլոր վիճակներուն մէջ բնական արտայայտութիւն պէտք է ըլլայ, ի մասնաւորի աղօթքի պարագային: Շնորհակալ պէտք է ըլլանք Աստուծոյ, որ բացառիկ պատեհութիւնը կու տայ մեզի հաղորդակցելու Իր հետ: Յաճախ աղօթքը թեթեւի կ՚առնենք: Չե՛նք անդրադառնար, որ կը վայելենք բացառիկ առանձնաշնորհում մը, որով ազատ կերպով կրնանք խօսակցիլ Աստուծոյ հետ բոլոր պարագաներուն՝ որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ: Գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ կը նշանակէ, որ որքան ալ մեր յարաբերութիւնը անտեսանելի է, բայց եւ այնպէս վստահ ենք, որ Կենդանի Աստուծոյ հետ է: Այս գիտակցութեամբ աղօթքը նոյնքան տոկուն է, որքան երեւելի նիւթական բաները, աւելի՛ն՝ արդիւնաւէտ է եւ բարերար:
բ. Առաքեալը կ՚ուսուցանէ նաեւ, որ աղօթքը կրկնակի տարածք ունի՝ անձնական եւ հաւաքական: Մենք կ՚աղօթենք մեր անձնական պէտքերուն, բարեկեցութեան, տագնապներուն ու յաջողութեանց եւ այլ բաներու համար: Նաեւ կ՚աղօթենք ուրիշներու համար՝ ո՛չ միայն մեր անմիջական մերձաւորներուն, բարեկամներուն եւ առհասարակ ծանօթներուն, այլ նաեւ անոնց, որոնք ի հոգեւորս կապակցութիւն ունին մեզի հետ: Աղօթքը նոյնիսկ կ՚անդրանցնի մարդկային այս բոլոր յարաբերութիւնները, երբ մանաւանդ կ՚աղօթենք համայն աշխարհի՝ Աստուծոյ ստեղծագործութեան համար: Ուստի, երբ մեր աղօթքին մէջ կը յիշենք ուրիշները, կը վայելենք միասնականութեան զօրութիւնը, հաւաքականութեան միեղինութիւնը: Թէկուզ ապրինք քաղաքի, թէ անապատի կամ քարայրի մէջ, մեր աղօթքին մէջ ուրիշները յիշելով Աստուծոյ օրհնութիւնը կը տեղացնենք որքան մեր, նոյնքան եւ անոնց վրայ:
գ. Առաքեալը նաեւ մեզի կը յուշէ, որ աղօթքը պէտք է անդադրում ըլլայ (Ա Թես 5.17): Աղօթքը պէտք չէ պատահական ըլլայ եւ կամ հիմնուած ժամանակաւոր անձնական շահի վրայ: Աղօթքը ինքնանորոգման մշտական աղբիւր է, որովհետեւ խօսելով Աստուծոյ հետ՝ յարաբերութեան մէջ ենք Իր հետ: Ահա թէ ինչու յարատեւ պէտք է ըլլայ եւ երբեք չենթարկուի արտաքին ազդեցութիւններու, որքան ալ անոնք զօրաւոր ըլլան եւ ստեղծեն ներքին փոթորկումներ մեր մտածումներուն, զգացումներուն, ինչպէս նաեւ համոզումներուն մէջ: Արդարեւ, աղօթքը մեզի կը հայթայթէ այն ներուժը, որով անցնելով հանդերձ կեանքի գոյապայքարի ընդմէջէն՝ չե՛նք կորսնցներ մեր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ, մինչեւ որ դուրս գանք այդ յորձանուտէն: Բոլոր անոնք որոնք օդանաւով ճամբորդած են եւ փորձառութիւնը ունեցած են կարճ կամ երկար օդի մրրիկի մէջէն անցնելու, լաւագոյնս կը վկայեն թէ ինչ կը նշանակէ օդաչուին վստահիլը, որ բացարձակապէս իր անդորրութիւնը չի կորսնցներ մինչեւ որ դուրս գայ փոթորիկէն եւ ճամբորդները ապահով հասցնէ ցամաք: Նմանապէս՝ կեանքը անվերջանալի վերիվայրումներու մրրկախառն ճամբորդութիւն մըն է, եւ մենք պէտք է մի՛շտ պատրաստ ըլլանք սպասուած կամ ոչ, բոլոր անակնկալներուն, որոնք մեր հաւատքը առ Աստուած կը փորձեն տկարացնել: Հաստատ մնալ մեր հաւատքին մէջ կը նշանակէ՝ հաւատարիմ ըլլալ աստուածային մեր կոչումին, որուն համար երբեմն նոյնիսկ ծանր գին կը վճարենք, ինչպէս մեր Տէրը կանխաւ յայտնեց, ըսելով՝ «Եթէ զիս հալածեցին, նաեւ ձե՛զ պիտի հալածեն (Յհ 15.20)»: Ուստի Կեանքի եւ երջանկութեան յաւերժական խոստումը փոխանակել կարճատեւ բարիքներով, ոեւէ գիտակից անձի ընտրութիւնը չի կրնար ըլլալ:
դ. Բանական արարածի այս երեք առանձնայատկութիւններուն՝ գոհութիւն յայտնելու, յիշելու եւ մշտապէս աղօթելու մղիչ ոյժը ուրախութիւնն է, ինչպէս կ՛ըսէ Առաքեալը: Արդարեւ, ուրախութիւնը մեր հոգիին ամենահարազատ վիճակն է՝ ցնծալու մեր երկնաւոր Հօր սէրն ու գուրգուրանքը եւ Անոր բոլոր օրհնութիւնները: Արդարեւ, Եդեմին մէջ մեր նախահօր ու նախամօր վիճակուած էր գերագոյն երջանկութեամբ ապրիլ վայելելով՝ Աստուծոյ ներկայութիւնն ու հաղորդակցութիւնը: Սակայն, փոխանակ Անոր վստահելու, շեղեցան աստուածային ուղղութենէն եւ կորսնցուցին այդ առանձնաշնորհումը, ինչպէս սաղմոսասացը կ՛ըսէ. «Մարդը ի պատուի էր, բայց չիմացաւ, հաւասարեցաւ անբաններուն եւ անոնց նման եղաւ» (Սղ 49.21): Աստուած գերագոյն զոհողութեամբ, զոր ամբողջ ստեղծագործութիւնը չի՛ կրնար ըմբռնել, վերահաստատեց մարդը իր նախնական փառքին մէջ, իր սրբազան արիւնը թափելով Խաչին վրայ, որ ցուցանիշն է յաւիտենական Ճանապարհին, Ճշմարտութեան եւ Կեանքին:
Մեծ հաճոյքով պիտի ուզէի շարունակել առաքելական այսօրուան ընթերցումին բացատրութիւնը, սակայն կը թողում, որ իւրաքանչիւր ընթերցող ի՛նք կարդայ եւ գտնէ հոյակապ խորքը, գեղեցկութիւնը եւ ուրախութիւնը, նաեւ պատգամը իր առօրեայ կեանքին համար, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին