Շաբաթներ առաջ, ընթերցող մը կը հարցնէր ցերեկ, երեկոյ եւ երէկ բառերու յարաբերութեան մասին։ Մինչ առաջին երկուքը բացայայտ կապ մը ունին, սկիզբը չէինք պատկերացներ, որ երրորդին հետ կապուած պիտի ըլլային։
Ցերեկ եւ երեկոյ բառերը, ինչպէս կարելի է անմիջապէս տեսնել, իբրեւ արմատ ունին երեկ բառը, որ «երեկոյ, իրիկուն» կը նշանակէր գրաբարի մէջ։ Այս բնիկ հայկական բառին աղբիւրը նախահնդեւրոպական *reguos («մթութիւն») արմատն է, որմէ կը բխին նաեւ հնդեւրոպական ուրիշ լեզուներու բառեր, օրինակ՝ յունարէն erebos («երկրի ու դժոխքի միջեւ խաւար վայրը»), գոթերէն riqis («մութ»), սանսկրիտերէն rajas («մութ, մշուշ, ծուխ, շոգի»), rajane («գիշեր»), եւայլն։ Երեկ բառը արմատն է մեզի քաջ յայտնի երեկոյ եւ իրիկուն բառերուն։
Արշալոյսէն մինչեւ վերջալոյս երկարող օրուան ժամանակը հայերէն կը կոչուի ցերեկ, որ կազմուած է գրաբարեան ց նախդիրով եւ երեկ բառով։ Ինչպէս յայտնի է, ց նախդիրը կը նշանակէր «մինչեւ», եւ մինչեւ այսօր կը գործածուի գրաբարէն մեզի անցած քանի մը բառերու մէջ, ինչպէս ցտեսութիւն («մինչեւ տեսութիւն»), ցմահ («մինչեւ մահ») կամ ցարդ («մինչեւ հիմա»)։ Ամենէն գործածականը ցտեսութիւնն է, զոր սովոր ենք կրճատել… «ցը» ձեւով։
Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ երեկ եւ երէկ նմանաձայն բառերը կապուած են իրարու։ Հրաչեայ Աճառեան՝ հռչակաւոր լեզուաբանը, համոզիչ բացատրութիւն մը տուած է այդ կապին մասին, դիմելով ուրիշ լեզուներու օրինակին, ուր «երէկ» եւ «վաղը» գաղափարները կը բխին «երեկոյ» եւ «առաւօտ» բառերէն։ Այսպէս, ունինք գերմաներէն Morgen բառը, որ կը նշանակէ թէ՛ «առաւօտ» (Guten Morgen «բարի լոյս») եւ թէ՛ «վաղը, ապագայ»։ Հակառակ օրինակը կու գայ ռուսերէնէն, ուր վեչեր կը նշանակէ «երեկոյ», իսկ վչերա՝ «երէկ»։
Աճառեան նոյնիսկ դիտել տուած է, որ Թիֆլիսի հայկական բարբառին մէջ, իրիգուն (այսպէս կը գրուի՝ բարբառային հնչիւնին հետեւելով) բառը պարզապէս «երեկոյ» չէր նշանակեր, այլ՝ «երէկ երեկոյ»։
Անշուշտ, պէտք է նկատի ունենալ, որ երեկ եւ երէկ տարբեր ձեւով կը գրուին։ Ուղղագրական այս տարբերութեան բացատրութիւնը մինչեւ հիմա յայտնի չէ։
Մինչ այդ, միշտ պէտք է յիշենք բառերու իւրայատկութիւնը՝ մեզ առաջնորդելու անսպասելի տեղեր։ Հետեւաբար, միշտ կարեւոր է ի՞նչ կ՚ըսենք եւ ինչպէ՞ս կ՚ըսենք։