ՇԱՏ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Ամէն:
Գոհութիւն, շնորհակալութիւն եւ փառք քեզի, Տէ՛ր Աստուած, մեզի շնորհած առատ բարիքներուդ եւ պարգեւներուդ համար: Ամէն օր քաղցրութեամբդ ու բարի կամքովդ առատապէս կը կերակրես մեզ, որպէսզի մեզ՝ քու ծառաներդ, հաղորդակից դարձնես հոգեւոր բարութեանդ եւ երկնքի արքայութեանդ, ըստ մեր ակնկալութեան եւ յոյսին: Ամենակալ Տէր, մեր Աստուածը, փրկէ մեզ եւ ողորմէ մեզի:
Գոհաբանութեան Օրուան առիթով, մեր բոլոր հաւատացեալներէն կը խնդրեմ, որ շնորհակալութիւն յայտնեն Ամենակալ Տիրոջ բոլոր այն օրհնութիւններուն համար, զորս Ան կը պարգեւէ մեզի իւրաքանչիւր օր։ Բացէ՛ք ձեր սրտերը զԱստուած ընդունելու համար այս տօնին։ Յառաջանանք յոյսով, հաւատքով զօրացած Աստուծոյ հանդէպ եւ իրարու հանդէպ, ուխտելով ծառայել Իր եկեղեցիին ու առաքելութեան:
Գոհաբանութեան այս տօնին, աշխարհի բոլոր հայերը իրենց միտքն ու սիրտը Հայաստան ու Արցախ ուղղած են՝ ընկերանալով մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցաւին ու սուգին։ Մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն հետ բաժնեկցինք բոլոր այն բաները, որոնց համար երախտապարտ ենք։ Աւելի քան երբեք, մեր միասնականութիւնը հիմնական կարեւորութիւն ունի։
Կը խնդրեմ յատկապէս, որ յիշէք մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի Հայաստան եւ յԱրցախ՝ մասնակցելով Գոհաբանութեան Օրուան թելեթոնին։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմին