Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ԱՊՐԻՆՔ ՈՒ ԳՈՐԾԵՆՔ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԿԻՐԱԿԻ ՕՐՈԻԱՆ
ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻՆ
(Նոյեմբեր 22, 2020)

Այսօր, Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի տասնմէկերորդ Կիրակիի Սուրբ Գրքի խորհրդածութեան նիւթը  դարձեալ Պօղոս Առաքեալէն է, Թեսաղոնիկեցիներու ուղղուած նամակէն, ուր կը կարդանք հետեւեալը. «Մեր աղօթքներուն մէջ միշտ կը յիշենք ձեզ եւ անդադար ձեզի համար գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ: Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ի՛նչպէս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք․․․»: (Թես 1.1-10):

Անոնք որոնք առիթը ունեցան կարդալու կամ լսելու անցեալ Կիրակի օրուան նամակը՝ ուղղուած Փիլիպպեցիներուն, զոյգ նամակներուն մէջ իսկոյն պիտի նկատեն նմանութիւն մը ո՛չ միայն Առաքեալի պատգամին, այլ նաեւ բառամթերքին, որով ան «գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ» եւ «մշտական կերպով կը յիշէ հաւատացեալները իր աղօթքներուն մէջ»։ Ասիկա գեղեցկագոյն վկայութիւնն է, թէ որքան թափանցիկ է Առաքեալին ներքին աշխարհը՝ իր խանդավառութեամբ, հոգեկան փորձառութեամբ ու մտածումներով, զոր այնքան բնական կերպով ան կը բաժնեկցի իր հաւատացեալներուն հետ։

Առաքեալին այս յարաբերութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ ապրող իր հոգեւոր զաւակներուն հետ իւրայատուկ է, զոր ինք կը բնութագրէ զգայուն պատկերով մը, երբ կ՛ըսէ․ «Ե՛ս էի որ Աւետարանին քարոզութեամբ ձեզ ծնայ» (Ա․ Կոր 4.15)։ Այս հաստատումը ցոյց կու տայ, որ Սուրբ Պօղոս իր առաքելութիւնը կ՚ըմբռնէ ծնողական յարաբերութեան պրիսմակին ընդմէջէն, որով իր հոգեւոր զաւակները ծնած կ՚ըլլայ Աւետարանի կենսատու բառերով։ Աւելին՝ ան կ՚արձագանգէ Սաղմոսասացին խօսքը, թէ՝ «Ահա կը յայտարարեմ  Տիրոջ ինծի տուած հրամանը․ Տէրը ինծի ըսաւ․- Իմ որդիս ես դուն, այսօ՛ր քեզ ծնայ» (Սղ 2.7)։

Բնախօսական յարաբերութիւնը որքան որ անբաղդատելի կնիք մը կը կրէ, մտաւոր ու հոգեւոր կապերն ալ ունին իրենց առանձնակի դերակատարութիւնը եւ կը տեւեն ցկեանս։ Անոնք որոնք ուսուցիչ, դասախօս եղած են կրթական բոլոր մակարդակներու վրայ, վստահ որ բացառիկ ուրախութիւն մը զգացած են, երբ անակնկալ կերպով երիտասարդ օրիորդ մը կամ պարոն մը մօտենալով իրենց, ողջունած է զիրենք որպէս երբեմնի իր դպրոցի ուսուցչուհին/ուսուցիչը, վերյիշելով անցեալի քաղցր յուշեր։

Այսօրուան մեր նամակի ընթերցումին մէջ մենք կը տեսնենք հոգեւոր հօր, ուսուցիչին մնայուն խնամքը՝ զարգացնելու համար իր հոգեւոր զաւակներուն հաւատքը։ Իրաւ, որ ծառայութեան առաքելութիւնը սահմանափակուած չէ ժամանակաւոր քարոզութեամբ եւ ուսուցումով միայն, այլ կ՚անդրանցնի մեր հասկացողութեան բոլոր սահմանները։

Յարաբերութեան այս շարունակութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ առ հասարակ մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ հաստատուած մեր կապերու աճման ու զօրացման գծով։ Իսկ առաւել դրական եւ արդիւնաւէտ կը դառնայ այդ կապը, մանաւանդ, երբ կը գունաւորուի անկեղծ գնահատականով։ Այս գովելի վերաբերմունքը մենք կը տեսնենք վերոյիշեալ նախադասութեան երկրորդ բաժնին մէջ, երբ Առաքեալը կ՛ըսէ․ «Կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք»։ Առաքինութեանց այս երեք գլխաւոր սիւներու մասին Առաքեալը այնքան հոյակապ կերպով կը խօսի Սիրոյ նուիրուած իր ճառին մէջ (Ա Կոր․13.1-3)։ Ան Աւետարանչութեան կը մօտենայ  բարձրագոյն գիտակցութեամբ, բծախնդիր ըլլալով ինչպէս իր՝ նաեւ իր հոգեւոր զաւակներուն փրկութեան։ Ան քաջ տեղեակ է որ ինչպէս որեւէ սերմի ցանքին պէտք է յաջորդէ լուրջ խնամատարութիւն՝ ապահովելու անոր բնականոն աճը, նաեւ զերծ պահելու արտաքին ամէն ազդեցութիւներէ, նոյն եւ աւելի նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ հաւատքի աճման ու զարգացման, մանաւանդ քաջալերելով անոնց իւրաքանչիւր փոքր կամ մեծ յաջողութիւնը, երբ ուրախութեամբ կ՛արձանագրէ որ անոնք կեանքի կը վերածեն հաւատքը։

Վերջապէս, Առաքեալը կ՚եզրակացնէ իր խօսքը ըսելով որ բոլոր առաքինութիւնները պէտք է արմատաւորուած ըլլան Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Այս հաստատումը ներկայ է իր գրեթէ բոլոր նամակներուն մէջ։ Արդարեւ, Հաւատքը, Յոյսը, Սէրը, մեր բոլոր յանձնառութիւններն ու աշխատանքները պէտք է խարսխուած ըլլան Քրիստոսի մէջ, ինչպէս Յիսուս Ինք ըսաւ․ «Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը։ Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ» (Յհ 1.15)։ Քրիստոսէն հեռու՝ մեր կեանքի ամբողջ ընթացքը կը շեղի իր գերագոյն նպատակակէտէն։ Առանց չափազանցութեան, մեր ֆիզիքական, մտաւոր ու հոգեւոր բոլոր բնագաւառներուն մէջ պէտք է զգաստ ըլլանք որ Քրիստոսով ապրինք ու գործենք․ եւ այն ատեն անկասկած պիտի վայելենք դրական եւ բարերար արդիւնքը ո՛չ միայն այս, այլեւ յաւերժական կեանքին մէջ։ Ի զուր չէ, որ Առաքեալը նաեւ կը մատնանշէ, թէ մեր երկրաւոր կեանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով Աստուծոյ առջեւ կը յիշուի, որովհետեւ «չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի։ Անիկա պարզ ու յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ։ Եւ Անոր է որ հաշիւ պիտի տանք» (Եբր 4. 13):

Այս առողջ համոզումով հաւատանք, գործենք եւ ակնկալենք մեր Տիրոջ խոստումներու կատարումը, որ աշխարհի սկիզբէն իսկ պատրաստուած է Արդար Դատաւորին ու մեր Գթառատ Հօր կողմէ, որուն կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ։ Ամէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *