Մեր դպրոցներէն

Բ.- ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑ

Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանի (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) 83րդ տարեշրջանը (2019-2020), հակառակ COVID-19 ժահրին, իր աւարտին հասաւ Յունիս 13ին, 12րդ դասարանի շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխումով, օրուան պայմանները յարգելով։

Դպրոցի դասընթացքները Մարտ 14էն ետք համավարակի պատճառով առցանց  շարունակուեցան մինչեւ դպրոցի վերջին օրը։ Իսկ դպրոցի 18ամեայ «Շողեր» տարեգիրքը, որ սովորաբար հանդէսի օրը կը բաժնուէր, այս տարի բացառաբար լոյս չտեսաւ։

Սբ. Ստեփանոս շաբաթօրեայ դպրոցի 2020-2021 տարեշրջանի դասերը, համավարակի պատճառով, առցանց՝ հեռավար տեսակապով տեղի կ՚ունենան սկզբունքով մինչեւ Յունուար 9, որմէ ետք կրկին պիտի հետեւին պետութեան նոր կարգադրութիւններուն։

Բարձր կարգերու (10րդ, 11րդ եւ 12րդ) աշակերտներուն արձանագրութիւնը փոխանցուեցաւ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի՝ վարիչ տնօրէնին, որովհետեւ անոնք կը մասնակցին Սիամանթօ Լսարանի դասընթացքներուն, ու այդ միջոցաւ նաեւ Հայկական Համացանցային Համալսարան (ՀՀՀ)-ին [Armenian Virtual College (AVC)], Երեւան։

Մանկամսուրէն մինչեւ 12րդ դասարան գոյութիւն ունի նաեւ յատուկ դասարան մը անգլիախօս աշակերտներուն համար։

Դպրոցի ուսումնական ծրագիրը կ’ընդգրկէ հայերէն, գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, հայ երգ ու պար։ Կ’օգտագործուին նոր եւ արդի դասագրքեր եւ աշխատանքային տետրակներ եւ ամէն տարի հին գիրքերը կը փոխարինուին նորերով։ Դպրոցը գիրքերու կողքին իւրաքանչիւր աշակերտին կը տրամադրէ գրենական պիտոյքներ եւս։

Դպրոցի Խնամակալ Մարմինը կը բաղկանայ եկեղեցւոյ եւ ՀՕՄի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներէ։ Ուսուցիչները ճիգ չեն խնայեր ու բարձր գնահատելի աշխատանք կը տանին այս դժուար պայմաններուն մէջ, հայ աշակերտին սորվեցնելու մեր ոսկեղնիկ մայրենի լեզուն, մեր պատմութիւնը եւ մեր փառապանծ մշակոյթը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *