Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԴԵՐԵՆԻԿ ԴԵՄԻՐՃԵԱՆ (մահ՝ 6 Դեկտեմբեր, 1956)

«Վարդանանք» պատմավէպի նշանաւոր հեղինակը՝ Դերենիկ Դեմիրճեան, ծնած է 18 Փետրուար, 1877ին, Ախալքալաքի մէջ (Ջաւախք), ուր ստացած է նախնական կրթութիւնը տեղւոյն հայոց ծխական դպրոցին մէջ։ Երկու տարի ետք տեղափոխուելով Արտահան, ուսումը հոն շարունակած է, իսկ 1892ին անցած՝ Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանը։ Բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան՝ ճեմարանի երկարամեայ ուսուցիչներէն, իր բարերար ազդեցութիւնը գործած է ապագայ գրողի գրական հայեացքներուն վրայ։ Դեմիրճեան աւարտած է Թիֆլիսի «Ներսիսեան» դպրոցը՝ 1898ին։ Կարճ շրջան մը Արտահան աշխատելէ ետք, 1900ին վերադարձած է Թիֆլիս, ուր մասնակցած է Յովհաննէս Թումանեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած հռչակաւոր «Վերնատուն» գրական խմբակցութեան, որուն հիմնական կորիզը կը կազմէին ինք՝ Թումանեան, Ղազարոս Աղայեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Աւետիք Իսահակեան։ Մոսկուա երաժշտութիւն ուսանելէ ետք, 1905-1910ին ուսանած է Ժընեւի համալսարանի մանկավարժական ճիւղին մէջ։  Վերադառնալով Թիֆլիս, զբաղած է ուսուցչութեամբ։ 1925ին փոխադրուած է Երեւան, ուր Գիտութեան եւ Արուեստի Հիմնարկի արուեստի բաժնի գիտական քարտուղարը եղած է։

Դեմիրճեան գրական ասպարէզ մտած է իբրեւ բանաստեղծ, 1899ին եւ 1913ին հրատարակելով «Բանաստեղծութիւններ» խորագրուած երկու հատորներ, որոնք բնորոշուած են յուսահատութեան, վիշտի ու առանձնութեան տրամադրութիւններով։ «Գարուն» հատորը (1920) ամփոփած է նախորդ երկու տասնամեակներուն գրուած քառեակները։ 1919էն ետք, կեդրոնացած է արձակի ու թատերագրութեան վրայ։ «Վասակ» (1912) եւ «Յովնան Մեծատուն» (1919) թատերախաղերուն մէջ դատապարտած էր եսասիրութիւնն ու անձնական շահերը հաւաքական շահերէն վեր համարողները, որոնք կ՚իյնան բարոյական կործանման մէջ։

«Քաջ Նազար» թատերախաղին մէջ (1923), Դեմիրճեան նոր սկզբունքով մշակած է ժողովրդական հէքեաթը եւ ընդգծած՝ քաղաքական բովանդակութիւնը։ Գրած է նաեւ այլ թատերական գործեր 1920-1930ական թուականներուն։ Սակայն, անոր ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը եղած է «Վարդանանք» պատմավէպը, որ գրուած է Երկրորդ Աշխարհամարտի օրերուն եւ նոր փուլ մը արձանագրած է հայ պատմական վիպագրութեան բնագաւառին մէջ։ Կեանքի վերջին տարիներուն, Դեմիրճեան գրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» վէպը, որ անաւարտ մնացած է։ Գրած է նաեւ պատմուածքներ, մանկական գործեր եւ կատարած է թարգմանութիւններ, որոնց շարքին՝ Նիկոլայ Կոկոլի «Մեռած հոգիներ» վէպի առաջին հատորը։

Դեմիրճեան Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ եղած է 1934ին, արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոս ստացած է 1940ին, իսկ 1953ին Գիտութիւններու Ակադեմիայի անդամ ընտրուած է։

Վաստակաւոր գրագէտը իր մահկանացուն կնքած է 6 Դեկտեմբեր, 1956ին։ Թաղուած է Երեւանի կեդրոնական գերեզմանատունը։ 1929-1956ի երեւանեան իր տունը 1977ին վերածուած է տուն-թանգարանի, իսկ 1980ին Դեմիրճեանի անունով արձակի գրական մրցանակ հաստատուած է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *