ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ
Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը այսպէս կոչուած ուտի փոքրամասնութեան պատկանող «քարոզիչ» մը նշանակած է Դադիվանքի մէջ, որ կը գտնուի Քարվաճառ՝ արցախեան պատերազմէն ետք թշնամի ուժերուն յանձնուած շրջաններէն մէկը։ Միջազգային եւ հայկական կազմակերպութիւններ դատապարտած են պատմական փաստերը աղաւաղելու այս բացայայտ փորձը, որ մշակութային եղեռնի համազօր է։
Օսմանեան Կայսրութեան ցեղասպան կառավարութեան համաթուրանական ջանքերուն իբրեւ լրացուցիչ հետեւանք 1918ին ստեղծուած երկիրը՝ Ատրպէյճան, խառնաշփոթ պատմագրութիւն մը ունի, ուր խորհրդային շրջանի պատմաշինարարութիւնը միացած է համաթուրանական ցեղապաշտ գաղափարախօսական կառոյցներու հետ։ Ըստ այս անճոռնի մեկնաբանութիւններէն մէկուն, ատրպէյճանցիները շառաւիղ են աղուաններուն («կովկասեան ալպանացիներ»), Ք.Ե. 8րդ դարուն շուրջ ձուլուած ու անհետացած փոքրամասնութեան մը։ Նոր դարձուածքով մը, այժմ կը պնդեն, թէ ուտի փոքրամասնութիւնը այդ կորուսեալ աղուաններուն ժառանգորդներն են, ինչ որ հարցադրումի տակ կը դնէ, թէ իսկապէս ո՞վ են ատրպէյճանցիները։ Արագ պատասխանը այն ըլլալու է, թէ հաւանաբար իրենք իսկ չեն գիտեր։
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղի դասախօս, հնագէտ Համլետ Պետրոսեան, «մշակութային եղեռն» կոչած է ատրպէյճանցի իշխանութիւններու փորձը՝ ռուսական խաղաղապահ զօրքերու տեսական հովանաւորութեան տակ գտնուող Դադիվանքը սեփականացնելու։
«Դադիվանքում չկայ որեւէ «աղուանական», «ուտիական», ոչ հայկական եւ ոչ մի կոմպոնենտ` սկսած շէնքերի ճարտարապետական լուծումից մինչեւ քանդակը, խաչքարերն ու որմնանկարները», գրած է Պետրոսեան իր Դիմատետրի էջին մէջ։
«Դադիվանքում մօտ 100 հայերէն արձանագրութիւններից բացի, որոնք վերաբերում են 12-17-րդ դարերին, չկա այլալեզու որեւէ տառ անգամ», աւելցուց հնագէտը։ «Այն ինչ անում է Ադրբեջանը, Դադիվանքը յայտարարելով աղուանական կամ ուտիական, այնտեղ բերելով իբր ուտի կրօնաւորների` կրօնա-մշակութային ժառանգութիւնն այն ստեղծողներից բռնութեամբ խլելու ակտ է, ակնյայտ մշակութային եղեռն»։