Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 40:18-31


ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ (18:9-14)

Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են, եւ ուրիշները կ’արհամարհէին:

Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ’աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ: Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ’ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»:

Կ’ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ:


ԹՈՒՂԹ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ (4:16-5։10)

Ուստի համարձակօրէն մօտենանք Աստուծոյ շնորհքի աթոռին, ողորմութիւն գտնելու եւ շնորհք ստանալու համար, որպէսզի անոնք մեզի օգնեն անհրաժեշտութեան պարագային:

Արդարեւ, ամէն քահանայապետ, որ մարդոց մէջէն կ’ընտրուի, պաշտօն ունի՝ մարդոց կողմէ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու եւ անոնց մեղքերուն համար նուէրներ եւ զոհեր մատուցանելու: Եւ որովհետեւ ինք ալ մարդ է, կրնայ հասկնալ մարդոց տգիտութիւնն ու փորձութիւնները եւ կարեկցիլ անոնց, քանի ինք եւս նոյն տկարութիւնները ունի: Ատոր համար է, որ ինչպէս ժողովուրդին՝ այնպէս ալ իր սեփական մեղքերուն համար պէտք է զոհեր մատուցանէ:

Գիտէք նաեւ, թէ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար ինքն իրեն քահանայապետութեան պատիւը առնել, այլ՝ Աստուած է որ զայն այդ պաշտօնին կը կանչէ, ճիշդ ինչպէս Ահարոն կոչուեցաւ: Նոյնպէս ալ Քրիստոս, ինքն իրեն չառաւ քահանայապետութեան պատիւը, այլ զայն ստացաւ Աստուծմէ, որ իրեն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես. այսօ՛ր քեզ ծնայ» , իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելքիսեդեկ քահանային պէս»:

Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, Յիսուս մեծ աղաղակով ու արցունքով աղօթեց եւ աղաչեց Աստուծոյ, որ կրնար զինք մահուընէ փրկել: Եւ Աստուած զինք լսեց, որովհետեւ խոնարհ էր ան եւ հնազանդ: Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց իր չարչարանքներու փորձառութեամբ սորվեցաւ՝ թէ ի՛նչ բան է հնազանդութիւնը: Եւ այսպէս, կատարեալ ըլլալէ ետք, յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ բոլոր անոնց համար, որոնք իրեն կը հնազանդին, քանի Աստուած զինք քահանայապետութեան կոչած էր, Մելքիսեդեկ քահանային պէս: