Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԳՐԻԳՈՐ ՍԻՒՆԻ (մահ՝ 18 Դեկտեմբեր, 1939)

Գրիգոր Սիւնի՝ հայ երաժշտութեան բեղուն ու համեմատաբար քիչ ծանօթ անուններէն, եռանդուն գործունէութիւն ունեցած է Կովկասէն մինչեւ Ամերիկա, յատկապէս կեդրոնանալով ժողովրդական երաժշտութեան վրայ։

Բուն անունով՝ Գրիգոր Միրզայեան, ծնած է Գետաբեկ (Գանձակի շրջան), 10 Սեպտեմբեր, 1876ին, երաժիշտներու ընտանիքի մը մէջ։ Սիւնիքի իշխանական տոհմի՝ Սիւնիներու հետ հեռաւոր կապի պատճառով, յետագային Սիւնի մականունը որդեգրած է։ 1878ին ընտանիքով փոխադրուած է Շուշի, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ 1891 թուականէն սորված է Ս. Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ, եւ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի ու Կոմիտաս Վարդապետի ազդեցութեամբ զբաղած՝ ժողովրդական երգերու հաւաքումով ու դաշնաւորումով։ 1895ին աւարտելով ճեմարանը, Շուշիի մէջ երգչախումբ կազմակերպած եւ համերգ տուած՝ իր բազմաձայնած ժողովրդական երգերով։

Նոյն տարին մեկնելով Ս. Փեթերպուրկ, 1898-1904ին ուսանած ու աւարտած է տեղւոյն երաժշտանոցը, նաեւ ղեկավարած է տեղւոյն հայկական եկեղեցիի երգչախումբը։ Միաժամանակ, մշակած է հոգեւոր երգեր եւ ժողովրդական երգեր ու գրած՝ մեներգեր եւ բազմաձայն գործեր։

1905-1907ին երաժշտութիւն դասաւանդած է Թիֆլիսի «Ներսէսեան» դպրոցին մէջ եւ Հայոց Դրամատիկական Ընկերութեան միջոցով բեմադրած՝ իր «Արեգնազան» օփերան։ Նաեւ գրած է «Ասլի եւ Քարամ» երգախառն թատերախաղը։ Իր յետագայ ստեղծագործութիւնները գլխաւորաբար համերգային գործունէութեան նուիրուած են։

Երիտասարդ տարիքէն, Գրիգոր Սիւնի քաղաքական գործունէութեամբ զբաղած է ։ Անդամակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ իր երաժշտական գործունէութիւնը նաեւ դրած է ի սպաս կուսակցութեան, յօրինելով ազգային-յեղափոխական երգեր։ Անոնց շարքին էր կուսակցութեան քայլերգը՝ «Մշակ բանուոր», որուն խօսքն ու երաժշտութիւնը Գ. Սիւնիին կը պատկանին։

1908ին ցարական կառավարութեան կողմէ հալածանքի ենթարկուելով, Սիւնի մեկնած է Արեւմտեան Հայաստան, հաստատուելով նախ Տրապիզոն եւ 1910ին՝ Կարին, ուր մինչեւ 1914 դասաւանդած է «Սանասարեան» վարժարանին մէջ։ 1910ին ձգած է կուսակցական շարքերը։ Այդ միջոցին, շարունակած է ժողովրդական եղանակներ հաւաքել, զորս թեթեւօրէն ներդաշնակած եւ կատարած է իր երգչախումբերով, նպաստելով բազմաձայն երգեցողութեան տարածման։

1914ին վերադառնալով Թիֆլիս, Սիւնի շարունակած է իր կազմակերպական եւ երաժշտական եռանդուն գործունէութիւնը մինչեւ 1922։ 1919-1920ին ճամբորդած է Իրան, իսկ 1922-1923ին տեղափոխուած է Պոլիս։

1923ին, Սիւնի իր ընտանիքով փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Ֆիլատելֆիա։ Կազմած է երգչախումբեր ու Խորհրդային Հայաստանի քարոզչութեամբ զբաղած։ Եռանդուն կերպով մասնակցած է Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէի (ՀՕԿ) գործունէութեան եւ 1934ին հրատարակած է «Նոր կեանքի երգեր» շարքը՝ խորհրդահայ զանգուածային երգերու օրինակին հետեւելով։ Մահացած է 18 Դեկտեմբեր, 1939ին, Ֆիլատելֆիայի մէջ։

Սիւնիի ստեղծագործութիւնները ամբողջովին հրատարակուած, նոյնիսկ հաւաքուած չեն։ Անոր ստեղծագործութեան առաւել արժէքաւոր բաժինը գեղջկական երգերու խմբերգային մշակումներն են, որոնցմէ լաւագոյնները կը յատկանշուին իրենց բազմազանութեամբ, հայ երգչախմբային երաժշտութեանդասական ժառանգութեան մասը կազմելով։  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *