Շաբաթ, 19 Դեկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանի սարկաւագներուն համար կազմակերպուած համագումարը, տեղի ունեցաւ Zoomով՝ ժամը 11։00էն յետմիջօրէ ժամը 1։30։ Այս հաւաքը ծրագրուած էր Յունիսին, սակայն համավարակի պատճառով յետաձգուած:
Յետ առաւօտեան ժամերգութեան, որուն ընթացքին երգուեցան Ստեփանոս Նախասարկաւագին նուիրուած երկու շարականներ, ինչպէս նաեւ յատուկ աղօթք մատուցուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Զաւէն Աւագ Սարկաւագ Քացախեանի հոգւոյն ի հանգիստ, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս բարի գալուստի խօսք ուղղեց հաւաքին մասնակցող 42 սարկաւագ-կիսասարկաւագներուն, որոնք կը ներկայացնէին 17 ծուխեր: Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց սարկաւագաց դերը, ի մասնաւորի ներկայ համավարակի ամբողջ ընթացքին իրենց ցուցաբերած նուիրուածութեան համար, որով հովիւներու կողքին ըլլալով, Սուրբ Պատարագը առանց ընդհատումներու մատուցուեցաւ եւ սփռուեցաւ հաւատացեալներու որպէս հոգեւոր սնունդ:
Համագումարը վարեց Շանթ Ա. Սարկաւագ Գազանճեան, վարիչ տնօրէն Կրօնական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, որ բացատրեց հարկ եղած կանոնները հաւաքի հեզասահ ընթացքին համար: Օրուան դասախօսներն էին Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան եւ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, որոնք ամփոփ կերպով ներկայացուցին սարկաւագներու դերը Հին Կտակարանի եւ քրիստոնեայ առաջին դարերու, նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, եօթը ժամերգութիւնները, Սուրբ Պատարագը եւ Պատարագի վերաբերեալ հիմնական գիտելիքներ:
Իւրաքանչիւր դասախօսութեան հետեւեցաւ հարց ու պատասխանի օգտաշատ բաժին մը: Հարցախոյզի պատասխաններէն յայտնուեցաւ խրախուսիչ արդիւնք մը՝ բոլոր մասնակցողները փափաք յայտնեցին ըստ կարելւոյն բազմացնել նման համագումարներ՝ շաբաթավերջի զոյգ օրերուն կամ միօրեայ, ի պահանջել հարկին Zoomով:
Հաւաքը փակուեցաւ Արի Սրկ. Նալպանտեանի «Հայր մեր»ի աղօթասացութեամբ: