Առաջնորդարանէն

ՄԵԾԱՐԱՆՔ՝ ՄԵՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 28 Դեկտեմբերին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Արեւելեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը՝ նուիրուած Սարկաւագաց դասին, առաջին Սարկաւագ եւ նահատակ Սուրբ Ստեփաննոսի տօնին առթիւ: Սարկաւագները այդ օր երեւելի կերպով կը մեծարուին, երբ պատարագիչի սաղաւարտը իրենց գլխուն, կը խնկարկեն Սուրբ Սեղանը եւ ժողովուրդը:

Սարկաւագութիւնը եկեղեցւոյ գլխաւոր կարգերէն մէկն է սուրբ գրային հիմունքով: Եկեղեցւոյ եւ պատմութեան ընթացքին, Սուրբ Ստեփաննոսի օրինակով եղած են սարկաւագներ, որոնք նշանակալից դերակատարութիւն ունեցած են իրենց ծառայական կեանքով:

Սարկաւագաց առընթեր, դպրաց դասը իր անուրանալի կարեւորութիւնը ունի եկեղեցւոյ Խորհուրդներու եւ արարողութեանց, ի մասնաւորի Սուրբ Պատարագի կատարման մէջ:

Յանուն Առաջնորդարանի Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն, բարձրօրէն կը գնահատենք Թեմիս մէջ մեր Սարկաւագներու, Կիսասարկաւագներու, Ուրարակիրներու եւ Դպրաց դասի անձնուէր ծառայութիւնը, մանաւանդ այս տարի՝ համավարակի ամբողջ շրջանին, երբ  հոգեւոր Հովիւներու կողքին անոնք խիզախօրէն ներկայ եղան, որպէսզի Սուրբ Պատրագը մատուցուի առանց ընդհատումի եւ մեր բարեպաշտ ժողովուրդը չզրկուի ամենէն կենսական հոգեւոր սնունդէն:

Սիրելիներ, ձեր վարձքը ընդունիք ծառայութեան մարմնացում մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսէն:

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *