«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԷՆ
Շաբաթ, 19 Դեկտեմբերին, «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտութիւնը Հայ Երաժշտութեան առաջին բաժնի փակման պահը ունեցաւ։ Անցնող 10 հանդիպումներուն, անոնք վայելած էին պրն. Ռաֆֆի Ռշտունիի ժրաջան, եռանդուն ու հոգիով նիւթին փարած մասնագէտ ուսուցիչի ջերմութիւնը։
Վերջին հանդիպման երկրորդ կիսուն աշակերտներէն իւրաքանչիւրը իր տպաւորութիւնը յայտնեց խօսքով։ Այս առթիւ, ոմանք նաեւ կարճ նուագով կամ երգով հանդէս եկան։ Խանդավառ, սակայն միաժամանակ յուզիչ մթնոլորտ մը կար, որ բոլորովին տարբեր էր սկզբնական շրջանի քանի մը պահերու վերապահութենէն։ Սակայն, ի վերջոյ ձուլուած էին մթնոլորտին հետ։ Ահաւասիկ իրենց իսկ բառերով հարազատ ապրումները, զորս պարբերաբար պիտի տանք.
– Իրապէ՛ս սիրեցի այս դասընթացքը։ Հայրս նուագող ըլլալուն, միշտ հայ երաժշտութեան մթնոլորտին մէջ եղած եմ, սակայն հիմա, երբ կը ճանչնամ այս երգերուն ծնունդը, այդ հաճելի բան է ինծի համար։
Գարուն Գրիգորեան
– Հայ երաժշտութեան տարբեր տեսակները ճանչնալը աղուոր բան է ինծի համար։ Երբ հայրս հայկական երաժշտութիւն կը նուագէ, հիմա կրնամ ըսել, թէ ո՛ր տեսակին կը պատկանի տուեալ կտորը։
Արմէն Գրիգորեան
– Հայ երաժշտութեան տարբեր տեսակներուն ծանօթանալուս ուրախ եմ։
Ափոլոնիա Գարակէօզեան
Ուսումնական այս տարեշրջանին, «Սիամանթօ» լսարանը կը զուգորդէ իր կարգ մը դասանիւթերը կը զուգորդէ Հայ Համացանցային Համալսարանի (AVC – Armenian Virtual College) ծրագրին հետ։ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը խորապէս երախտապարտ է այս գործակցութեան։