ԱՂՕԹՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ
Արցախեան պատերազմի սկիզբէն իսկ ամէնօրեայ դրութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին ներքեւ գործող իւրաքանչիւր հոգեւոր հովիւ հերթական կերպով, իր եկեղեցիին մէջ ունեցաւ աղօթքի յատուկ ժամ մը: Իսկ Հոկտեմբեր ամսուան աւարտին՝ պատերազմին առաւել սաստկացման եւ Արցախի շրջափակման օրերէն սկսեալ, հոգեւորականաց հանուր դասը ամէն օր, արեւելեան ժամով երկոյեան 9:00-10:00 յատուկ աղօթակարգ ունեցաւ, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Հաւատացեալ ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնէն ետք, ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, սոյն աղօթքի ժամը պիտի սփռուի YOU TUBE-ի մեր կայանէն: Երեքշաբթի՝ հայերէնով, իսկ Հինգշաբթի՝ անգլերէնով:
Վստահ ենք որ գործակցաբար՝ Ժողովուրդ եւ Առաջնորդարան, հոգեւոր կապը առաւել եւս ամրացնելով, պիտի կարենանք նորանոր ծրագիրներ մշակել, զօրանալու համար կեանքէ կեանք հաւատքի մեր ուխտագնացութեան մէջ, եւ Լուսաւորչաւանդ մեր նախնեաց հոգեւոր ժառանգը վերապրելով, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ՝ վկայ դառնալ Իր Լոյսին, ի սփիւռս աշխարհի:
Անոնք որոնք կը փափաքին յատուկ խնդրանք ներկայացնել՝ յիշուելու համար աղօթաժամին, թող բարեհաճին ել. նամակով (email) իրենց փափաքը ղրկել aghotk@armenianprelacy.org հասցէին, վստահ ըլլալով, որ իրենց խնդրանքը միայն պիտի յայտնուի հոգեւոր հայրերուն, իսկ ենթակային ինքնութիւնը բացարձակապէս պիտի մնայ խորհրդապահական:
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ