Առաջնորդարանէն

ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ՝ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանը կը ձեռնարկէ նոր, առցանց մնայուն դաստիարակչական ծրագրի մը, որ ուղղուած է մեր սարկաւագներուն եւ եկեղեցական Կարգերու թեկնածուներուն։ Շաբաթական այս դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ 20 Յունուարին։ Թեմիս սարկաւագաց դասը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են, հրաւիրուած են մասնակցելու։

Ուսումնական ծրագիրը պիտի քննէ “diakonia”ի (ծառայութեան կոչի) պատմական զարգացումը՝ ծիսական արարողութիւններու եւ ծուխի հոգեւոր կարիքներուն մէջ։  Դասերը պիտի ներկայացուին գրաբարով (Ս. Գիրքի եւ շարականի բնագիրները բացատրելու համար), աշխարհաբարով եւ անգլերէնով։

Ուսումնական ծրագիրը պիտի պարունակէ Հայց. Եկեղեցւոյ սրբազան կարգերու (դպիրներ, սարկաւագներ եւ քահանաներ), ժամերգութեան, Մեծ Պահքի եւ Աւագ Շաբթուան պատրաստութեան վերլուծում, Ծիսարան-Մաշտոցի ներածութիւն եւ Ս. Պատարագի համապարփակ ուսումնասիրութիւն, ներառելով նաեւ աստուածաբանական, քրիստոսաբանական եւ եկեղեցագիտական նիւթեր։

Դասերուն հետեւելու մասնաւոր պահանջներ չկան, բացի Աստուծոյ ծառայելու նուիրումէն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդմէջէն։ Շաբաթական ծրագիրը մօտաւորապէս երկու ժամ պիտի ընդգրկէ (դասախօսութիւն եւ հարց ու պատասխանի բաժին)։ Դասախօսութեան օրն ու ժամը պիտի որոշուի մասնակիցներուն հետ խորհրդակցաբար, եւ հնարաւոր է, որ այլընտրանքային ժամեր առաջարկուին՝ սարկաւագներու ընտանեկան եւ աշխատանքային պարտականութիւնները յարմարցնելու համար։ Յետագային նաեւ պիտի ճշդուին Skypeի կամ Zoomի գործածութիւնը առցանց մուտքի համար։

Բարեշնորհ Դոկտ. Ճորճ Ա. Սրկ. Լէյլէկեան Արեւելեան թեմի աւագ սարկաւագ է եւ ծիսագիտութեան հմուտ դասախօս է։ Գիրքեր ու յօդուածներ հեղինակած է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան մասին։

Ձեր դիմումնագիրները հաճեցէք յղել Ճորճ Ա. Սարկաւագի հասցէին՝  armeniandiaconate@yahoo.com, մինչեւ Յունուար 10։ Վստահ ենք, որ նման դասընթացք մը խանդավառութեամբ պիտի դիմաւորուի Սուրբ Խորանին մեր ծառայողներուն կողմէ՝ խորացնելու համար իրենց եկեղեցագիտութիւնը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *