Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԵՐՈՒԱՆԴ ՇԱՀԱԶԻԶ (ծնունդ՝ 13 Յունուար, 1856)

Շահազիզ մականունը այսօր ընթերցողին ծանօթ է շնորհիւ բանաստեղծ Սմբատ Շահազիզի (1840-1907)ժողովրդական մէկ բանաստեղծութեան՝ «Երազ», որ նաեւ երգի վերածուած է։ Նուազ յայտնի է անոր եղբօրորդին՝ Երուանդ Շահազիզ, որ բանասէր ու ազգագրագէտ դարձաւ, ուսուցչական երկարամեայ վաստակին կողքին։

Երուանդ Շահազիզ (Շահազիզեան) ծնած է 13 Յունուար, 1856ին, Աշտարակի մէջ։ Երեւանի գաւառական դպրոցը աւարտելէ ետք (1870), իր ուսումը շարունակած է Մոսկուայի մէջ, ուր շրջանաւարտ եղած է Լազարեան ճեմարանէն (1879) եւ յաջորդ երեք տարիներուն հետեւած է լիսէի բաժինին։ Յաջորդ 35 տարիներուն (1882-1917), ուսուցիչ, փոխ տնօրէն եւ տնօրէն եղած է Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցին մէջ, իսկ 1918-1921ին՝ ուսուցիչ Տոնի Ռոստովի աշխատաւորական դպրոցին մէջ ու տեղական հայկական թանգարանի տնօրէն։ 1918-1919ին, Նոր Նախիջեւանի ու Տոնի Ռոստովի հայութեան «Հայ համայնք» շաբաթաթերթի խմբագիրներէն մէկը եղած է։

1922ին, Շահազիզի կեանքին մէջ նոր շրջան մը բացուած է, երբ հրաւիրուած է Երեւան՝ Խորհրդային Հայաստանի պատմա-մշակութային կեդրոնական թանգարանի (այսօր՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան) ստեղծման մասնակցելու։ Իր հետ բերած է Նոր Նախիջեւանէն նիւթերու հարուստ հաւաքածոյ մը, եւ յաջորդ տասնվեց տարիներուն աշխատած է որպէս պատմագրական բաժնի վարիչ։ 1938ին, նշանակուած է Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող (1943էն՝ Գիտութիւններու Ակադեմիայի մէկ մասը)։

Երուանդ Շահազիզ բեղուն հեղինակ մը եղած է։ Առաջին շրջանին, բազմաթիւ գործեր արտադրած է Նոր Նախիջեւանի պատմութեան մասին, որոնց շարքին՝ Միքայէլ Նալբանդեանի կենսագրութիւն (1897) եւ տեղւոյն համայնքի պատմութեան ու սովորութիւններուն մասին երկու գիրք (1903)։ Հայաստան փոխադրուելէ ետք, «Հին Երեւան» պատմա-ազգագրական աշխատութիւնը գրած է (1931), Նալբանդեանի մասին վաւերաթուղթերու հաւաքածոյ մը (1932), Խաչատուր Աբովեանի վաւերաթուղթերու հաւաքածոյ մը եւ կենսագրութիւն (1940 եւ 1948) եւ Սմբատ Շահազիզի կենսագրութիւն (1944), այլոց շարքին։ Աշտարակի մասին պատմութիւն մը գրած է, որ լոյս տեսած է յետմահու (1987), եւ անտիպ ձգած՝ Չէրքէզիոյ եւ չէրզէզահայութեան մասին մենագրութիւն մը։

1944ին, Շահազիզ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի տիտղոսը ստացած է եւ անկէ երկու տարի ետք՝ Խորհրդային Հայաատանի գիտութիւններու վաստակաւոր աշխատողի տիտղոսը։ Մահացած է 12 Օգոստոս, 1951ին, Երեւանի մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *