Առաջնորդարանէն

ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԽՈՐԱՆԻ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ՍԿՍԱՒ

Չորեքշաբթի, 20 Յունուարին սկսաւ Արեւելեան թեմի սարկաւագներու եւ Սուրբ Խորանի սպասաւորներու նուիրուած առցանց դասընթացքը։ Ստորեւ կու տանք Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքը ուղղուած մասնակցողներուն ուղղուած։

«Սիրելի Սարկաւագներ եւ Սուրբ Խորանի սպասարկողներ,

Փառ՜ք կու տամ Ամենակալին Աստուծոյ՝ որ Իր օրհնութեամբ,  Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական Ժողովի զօրակցութեամբ,  Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Լէյլէկեանի ղեկավարութեամբ՝ Սարկաւագաց այս յատուկ դասընթացքը կարողացանք կազմակերպել։

Հակառակ իր բազմահմուտ գործառնութեանց , որպէս յաջողակ խորհրդատու ներդրումներու,  դատական հրահանգներու կատարման պաշտօնեայ եւ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսի մասնագէտ, Դոկտ․ Լէյլէկեան հպարտ կը զգայ միշտ իր ինքնութեամբ որպէս Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագ։ Անոր նախանձախնդրութիւնը եւ հիացումը Հայ Եկեղեցւոյ իւրայատկութեան նկատմամբ գովելի է, իսկ անոր դրական կիրքը՝ բաժնելու իր իմաստութիւնը իր սարկաւագ եղբայրներուն հետ, իրապէս գերազանց է։

Թոյլ տուէք  ըսել հետեւեալը, որ փաղաքշական գովասանք չէ, այլ իրողութիւն։ Անցնող աւելի քան երեք տասնամեակներուն երջանիկ զգացած եմ որ Յիսուս Քրիստոսով  նման բարեկամ մը ունեցած եմ, որուն միակ ուրախութիւնը եղած է տեսնել Հայ Եկեղեցւոյ բարգաւաճումը, եւ անոր բոլոր ծառայողներուն՝ Դպիրներուն, Սարկաւագներուն, Վարդապետներուն եւ Եպիսկոպոսներուն յառաջդիմութիւնը՝ փառքին համար Անոր որ խոնարհաբար երկինքէն երկիր իջաւ, որպէսզի բարձրացնէ մեզ իմաստութեան Աղբիւրին եւ հանդիպինք մեր երկնաւոր Հօր։ Անձամբ շատ բան սորված եմ Դոկտ. Լէյլէկեանէն, եւ այդ իսկ է պատճառը, որ երբ կամաւոր կերպով ան առաջարկեց այս սեմինարը, անվարան ընդունեցի, քաջ հաւատալով, որ դուք եւս պիտի սորվիք անկէ եւ վայելէք անոր հարուստ պաշարը։

Սիրելիներ,

Յոյն մեծ փիլիսոփայ Սոկրատ ըսած է. «Մէկ բան գիտեմ, այն՝ որ ոչինչ գիտեմ»։ Բոլորս ալ հեզութեամբ պատրաստ ըլլանք սորվելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հարուստ ժառանգութեան մասին, որ կ՚անդրանցնի Սուրբ Պատարագի եւ կարգ մը արարողութեանց մեր համեստ գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը։

Խորին շնորհակալութիւն՝ Դոկտ․ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Լէյլէկեանին, աստուածահաճոյ այս ծառայութեան համար։

Բարի գալուստ՝ հարստացուցիչ այս դասընթացքին մասնակցող բոլոր Սարկաւագներդուն Սուրբ Խորանին ծառայողներուն։

Սուրբ Պատարագի երգի բառերով կ՛ըսեմ՝ «Ճաշակեցէք եւ տեսէք, զի քաղցր է Տէր, ալէլուիա»։