ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ՝ ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՑՈՂՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Հայագիտական Ուսումնասիրութեանց եւ Հետազօտութեան Ազգային Ընկերակցութիւնը (NAASR) յայտարարած է, թէ 2020 թուականի «Դոկտ. Սոնա Արոնեան» գիրքի մրցանակներու՝ հայագիտական գերազանցութեան համար, պարգեւատրուած են հետեւեալ անձերը.
Փրոֆ Հուրի Պէրպէրեան՝ Roving Revolutionaries: Armenians and the Connected Revolutions in the Russian, Iranian, and Ottoman Worlds մենագրութեան համար (University of California Press)։
Դոկտ. Լու Էնն Մաթոսեան, Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եւ Արիս Սեւակ՝ Պետրոս Կէօլճիկի Armenian-American Sketches (The Armenian Studies Series of the Press at California State University, Fresno) հատորի թարգմանութեան համար։
2020ի մրցանակները 2019ին հրատարակուած գիրքերու համար են։ «Արոնեան» գիրքերու մրցանակը, որ հաստատուած է 2014ին հանգուցեալ դոկտ. Սոնա Արոնեանի եւ դոկտ. Ճէֆրի Կիպզի կողմէ, ամէն տարի կը պարգեւատրէ հայագիտական բնագաւառի անգլերէն ուսումնասիրութիւններ եւ հայերէնէ անգլերէն թարգմանութիւններ։
Պետրոս Կէօլճիկի «Ամերիկահայ պատկերներ» (1944) հատորի անգլերէն թարգմանութեան մրցանակը խմբական ճիգ մը պարգեւատրած է, որուն իրենց ներդրումը բերած են երեք թարգմանիչները, ինչպէս եւ հրատարակութեան երեք խմբագիրները՝ Քրիստոֆըր Ադամեան, Լու Էնն Մաթոսեան եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։ Լու Էնն Մաթոսեան առաջին հերթին թարգմանած էր Քէլճիկի «պատկեր»ներէն մէկը եւ հրատարակած՝ երբեմնի “Ararat” անգլիատառ եռամսեայ պարբերաթերթին մէջ 1997ին, իսկ հանգուցեալ վաստակաւոր թարգմանիչ՝ Արիս Սեւակ (1946-2012) թարգմանած էր գիրքին մնացեալը։ Դոկտ. Մատթէոսեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը, թարգմանած է Կէօլճիկէն ութը գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած էին «Պայքար» տարեգիրքին մէջ 1940ական թուականներուն։
Armenian-American Sketches գիրքէն օրինակներ տրամադրելի են Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։