Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՑԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 24 Յունուար, 2020)

Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան երրորդ Կիրակի օրուան սուրբ գրային ընթերցումը Սուրբ Յովհաննէսէն է (6.22-38)։

Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ ժողովուրդը տենդագին փնտռելով Յիսուսը, ի վերջոյ Զինք կը գտնեն Կափառնայումի մէջ եւ կը հարցնեն իրեն, թէ ինչպէ՞ս այնքան արագ հոն եկած էր։ Քրիստոս, գիտնալով որ Զինք կը փնտռէին հինգ հազարի հրաշքին հետեւանքով, անոնց ուշադրութիւնը կը դարձնէ «յաւերժական կերակուրին, զոր Մարդու Որդին պիտի տայ»։ Անոնք կը հարցնեն, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն որպէսզի Աստուծոյ գործը կատարած ըլլան։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Աստուծոյ գործը այն է, որ հաւատաք Անոր որ Աստուած ղրկեց»։ Ամբոխը Իրմէ հրաշքներ կ՚ուզէ որպէսզի հաւատան իրեն, յիշեցնելով որ իրենց նախահայրերը անապատին մէջ մանանան կերած են։ Յիսուս ամենայն ազնուութեամբ զանոնք կ՚ուղղէ, ըսելով, «Մովսէսը չէր որ երկինքէն եկած հացը տուաւ ձեզի, այլ Իր Հայրը»։ Երբ Յիսուս բացայայտ կերպով կը խօսի երկնային հացի մասին, որ կեանք կը պարգեւէ աշխարհին, անոնք անմիջապէս կ՚ըսեն. «Տէ՛ր, մեզի այս հացը միշտ տուր»։ Յիսուս պատեհ առիթը գտնելով, հանդիսաւոր կերպով կը յայտարարէ. «Ե՛ս եմ կեանքի հացը: Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ»։ Ապա, իր խօսքը կ՛եզրափակէ ըսելով. «Ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց»։

Այս ընթերցումը չորս աւետարաններու այն հազուագիւտ հատուածներէն է, ուր Յիսուս ժամանակ կը տրամադրէ ժողովուրդին՝ իր ինքնութեան մասին խօսելու։ Նմանօրինակ  խօսակցութիւն կը գտնենք Յակոբի ջրհորին մօտ,  Սամարացի կնոջ հետ (Յհ 4.1-26)։

Սուրբ գրային մեզի հայթայթուած այսօրուան սնունդը բաւականին հարուստ է, որ քարոզի մը սահմաններէն դուրս գալով, նոյնիսկ դասընթացքի նիւթ կրնայ դառնալ։ Սակայն, քանի մեր եկեղեցւոյ Հայրերը այս հոգեւոր հացը  սահմանած են այսօրուան համար, հետեւաբար խորհրդածենք հետեւեալ  չորս կէտերուն մասին.

ա․ Յիսուս երբե՛ք ժողովուրդին չի նայիր որպէս տգէտներ։ Արդարեւ, Ան շատ պարզ ձեւով կը բաժնէ իրենց հետ Քրիստոսաբանութեան  կորիզը, այլ խօսքով, թէ ո՞վ է Քրիստոս։ Ան համբերութեամբ իր թանկագին ժամանակը կը տրամադրէ, որպէսզի անոնց մտածելակերպը  առաջնորդէ տեսնելու Հին եւ Նոր Կտակարաններու կապը։ Որպէս ճշմարիտ մանկավարժ, բացարձակապէս չ՚արհամարհեր, այլ կը գնահատէ անոնց հարցասիրութիւնը՝ ստանալու համար ուղիղ պատասխաններ, որոնք ստեղծագործութենէն ի վեր տրամադրուած են Արարիչին կողմէ։ Երկրորդումն Օրինաց գրքին մէջ կը կարդանք. «Հարցուր հայրերուդ եւ երէցներուն, եւ անոնք պիտի բացատրեն քեզի» (Բ Օր 32.7): Այստեղ կը տեսնենք բոլոր հայրերուն եւ երէցներուն իմաստութիւնը, որ մարմնաւորուած է այս Բարի Ուսուցիչին մէջ, որ կ՚ընդարձակէ անոնց հասկացողութիւնը, որպէսզի բարձրանան իմաստութեան Աղբիւրին եւ  ողջագուրուին երկնաւոր Հօր հետ։

բ․ Ժողովուրդի խնդրանքին ի պատասխան, թէ ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի Աստուծոյ գործը կատարեն, Յիսուս ամենէն պարզ եւ  գործնական առաջարկը կ՚ընէ․ «Հաւատացէք Անոր, զոր Աստուած ղրկեց»։ Իրաւ որ Աստուծոյ մշտահոս սէրը գերազանց է։  Ան չ՚ակնկալեր մանուածապատ օրէնքներու  եւ  անվերջանալի ընելիքներու ծանր պարտաւորութիւնը։ Բաւ է, որ հաւատանք Անոր, զոր Հայր Աստուած ղրկեց։ Այսօրուան բացատրութեամբ եթէ ուզենք գիտական աշխարհէն պատկեր մը վերցնել, կ՚ըսենք հետեւեալը։  Գիտութիւնը միլիառաւոր գումարներ, անսահման մարդկային ոյժ եւ կարողութիւն  կը տրամադրէ, որպէսզի տարբեր մոլորակներէ նշաններ ստանայ, գիտնալու համար թէ  մարդկային կեանք գոյութիւն ունի՞ այդտեղ եւս։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Հայր Աստուածը ամենէն տոկուն եւ թանձրացեալ նշանը ղրկեց Իր գոյութեան՝ Իր սիրեցեալ Միածինով։ Եթէ դեռ եւս նշաններ կը փնտռենք, այդ կը նշանակէ թէ մենք մեզ կը խաբենք, եւ յոռեգոյնը՝ մեր սրտերը անհաւատութեամբ կը պատենք։

գ․ Նոր Օրէնսդիրը, ինչպէս նկարագրուած է Մատթէոս ի Աւետարանիչին կողմէ  «Երանիներու լերան» վրայ, Տէրունական աղօթքով սորվեցուց մեզի խնդրել. «այսօրուան հացը տուր մեզի այսօր» (Մտ 6.11)։ Ո՛չ մէկ կասկած որ մեր երկնաւոր Հայրը, որ կը հոգայ երկնքի թռչուններու եւ դաշտերու շուշաններու մասին (Մտ 6.26,28), վստահ որ մարդոց առօրեայի պէտքերը եւս կը հայթայթէ։  Եկեղեցւոյ Հայրերը «առօրեայ հաց»ը մեկնաբանած են որպէս Յիսուս Քրիստոս՝  ճշմարիտ Հացը։ Տառացիօրէն, երբ  պատիւր շնորհուի մեզի Իր ներկայութեան գտնուելու, մեր ամբողջ էութիւնը կ՚ողողուի անբացատրելի լիութեամբ։ Որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք որ ո՛չ միայն Իր ներկայութեամբ կը պատուըւինք, այլ նաեւ առանձնաշնորհումը ունինք Իր կենարար Մարմնին եւ քաւիչ սուրբ արեան հաղորդուելու։ Ասիկա անշուշտ նիւթ մըն է, որուն մասին պիտի խօսինք յետագային։

դ․ Աստուածաբանական մեր հասկացողութեամբ, Սուրբ Երորդութեան մէջ կը դաւանինք որ միայն մէկ կամք կը գործէ։ Սուրբ Ծննդեան շարականներէն մէկուն մէջ կը գտնենք հետեւեալ  գոհարը․ «Անբաւելին՝ երկնքի եւ երկրի, խանձարուրի մէջ փաթթուեցաւ, առանց բաժնուելու Հօրմէն, քարայրի մսուրին մէջ բազմեցաւ»։ Մարդկային պրիսմակէն դիտուած, աշխարհագրական հեռաւորութիւնը կրնայ պատճառ  դառնալ  միութեան  տկարացման, սակայն աստուածութեան պարագային, նոյնիսկ ակնթարթային տեւողութեամբ նման իրավիճակ մը գոյութիւն չունի։ Յիսուս  այլ առիթով ըսած է. «Եթէ ընտանիք մը ինքն իր մէջ բաժնուած ըլլայ, այդ ընտանիքը չի՛ կրնար կանգուն մնալ» (Մր  3.25)։ Փա՜ռք Աստուծոյ, որուն նախախնամական անբաժան կամքը այս ստեղծագործութիւնը ամենայն կարգապահութեամբ կը պահպանէ մինչեւ «նոր երկինքը եւ նոր երկիրը» երեւումը (Ես 65.17), ուր միայն ու միայն Իր կամքն է որ պիտի իշխէ։

Այսօրուան թանկագին հոգեւոր հացով սնանելով, միշտ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, որ յայտնուեցաւ իր Միածինով եւ կը գործէ Սուրբ Հոգիով։ Ամէն։