Առաջնորդարանէն

«ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ» ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐԸ

Երկու շաբաթ առաջ էր, երեւանեան պաղ առաւօտ մը, երբ “Crossroads”ի թղթակիցը հանդիպում մը ունեցաւ «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան տնօրէն՝ Տիգրան Գալստեանի հետ։ Հոգելոյս Մեսրոպ Արք. Աշճեանի կողմէ 1992ին հիմնուած բարեսիրական այս հաստատութիւնը հազարաւոր մարդոց օգտակար հանդիսացած է աւելի քան քառորդ դարու ընթացքին։

Թէյը եւ թխուածքները աւելի եւս քաղցրացուցին այդ նպաստառուներէն մէկ քանիին հետ խօսակցութիւնը, որոնց շարքին էին արցախեան պատերազմի վեթերան մը, պատանիներ եւ երեխաներ։ Անոնց մէջ էր պատանի սոփրանօ մը, որ տակաւին իր կազմաւորման տարիքին մէջ է եւ մեզի պարգեւեց իտալական օփերայի արիա մը եւ հայկական ու ամերիկեան ժողովրդական երգեր։ Աւելի երիտասարդներուն կարգին էին ապագայի իրենց յոյսերը հիւսող տղաք ու աղջիկներ, որոնք կը ձգտին դառնալ փաստաբան, վարսայարդար կամ գիւղատնտես։

«Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը դեր ունեցած է բազմաթիւ անձերու կեանքին մէջ, մանուկներէն սկսած մինչեւ թոշակառուներն ու պատերազմական վեթերաններն ու իրենց ընտանիքները։ Մինչեւ օրս, աւելի քան 2.500 երեխաներ, որոնք միակողմանի կամ երկկողմանի որբ մնացած են, օժանդակութիւն ստացած են։ Այժմ շուրջ 700 հոգի կը շարունակեն ստանալ այդ օժանդակութիւնը, իրենց կարիքները գոհացնելու, ինչպէս եւ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակելու համար։

Հանդիպումին, մարդ պիտի չըսէր, թէ մեր հայրենիքի ցեղասպան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պատերազմէ մը դուրս եկած է։ Տրամադրութիւնը բարձր էր եւ ժպիտները՝ յաճախակի, ինչպէս վառվռուն ձայները, որոնք կը քննարկէին ապագայ ծրագիրներ եւ ընելիքներ։ Երբ մեր թղթակիցը մեկնեցաւ, ձմեռնային երկինքի ամպերը սկսած էին ցրուիլ եւ արեւը արդէն կը հալեցնէր Երեւանի կեդրոնի մայթերուն սառը։

Յառաջիկայ շաբաթներուն, «Մեծն Ներսէս»ի ընտանիքի պատմութիւնները պիտի բաժնեկցինք “Crossroads”ի ընթերցողներուն հետ։ Այս պատանիներուն աջակցող հովանաւորները մեծ ներդրում կ՚ընեն անոնց ու Հայրենիքին համար։