Մատաթիա Գարագաշեան հայոց քննական պատմագրութեան ռահվիրայ մըն էր, որ իր բաժինը տուաւ 19րդ դարու հայագիտութեան զարգացման։
Ծնեալ՝ Անտոն Պէրպէրեան, 11 Փետրուար, 1818ին, Գարագաշեան տարրական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին՝ Կ. Պոլսոյ մէջ։ 1832ին ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան մայրավանքը։ Չորս տարուան ուսումէ ետք, 1836ին անդամակցած է Մխիթարեան միաբանութեան եւ, փայլուն կերպով աւարտելէ ետք Վիեննայի համալսարանը, 1844ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է։
1840ին հրատարակած է իր առաջին հատորները՝ «Արուեստ ճարտասանութեան» (1844) եւ «Նկարագիր ուսմանց» (1845)։ Վերջինին մէջ, ան շեշտած է իր սկզբունքները պատմութեան ուսումնասիրութեան համար, մերժելով առասպելներու վրայ հիմնուած պատմագրութիւնը եւ ընդգծելով քննական մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը։
1848ին Զմիւռնիա հաստատուելով, դասաւանդած է տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ 1855ին հրատարակուած, գերմանացի փիլիսոփայ Լուտվիկ Պիւխնէրի գիտական նիւթապաշտութեան հայեացքներու լոյսին տակ, տարի մը ետք Գարագաշեան հրաժարած է իր կրօնական ուխտէն եւ փոխադրուած՝ Պոլիս, ուր նուիրուած է դասաւանդութեան եւ գիտական հետազօտութեան։
Անոր քերականութեան գործերէն մէկ քանին ութէն տասը հրատարակութիւն ունեցած են 1860-1890ական թուականներուն։ Փիլիսոփայութեան գործերուն շարքին, ան իր նիւթապաշտ հայեացքները խտացուցած է «Սկզբունք տրամաբանութեան» (1864) գիրքին մէջ։
Պաշտօնավարած է «Պայպըլ Հաուզ»ի մէջ իբրեւ թարգմանութիւններու խմբագիր եւ միաժամանակ, իբրեւ քաջահմուտ գրաբարագէտ, դասաւանդած է քաղաքի հայկական վարժարաններուն մէջ։ 1887ին, Յակոբ Գուրգէնի հետ, հրատարակած է «Ճաշակ ոսկեղէն դպրութեան» պարբերականը, որ ամբողջովին գրուած էր 5րդ դարու գրաբարով։ 1890ականներուն սկսած է դասաւանդել գրաբար Կեդրոնական վարժարանին մէջ (հիմնուած՝ 1886ին)։ Նաեւ հրատարակած է աշխարհագրութեան դասագիրքերու շարք մը։
1895ին, Մատաթիա Գարագաշեան հրատարակած է Թիֆլիսի մէջ իր ամենէն կարեւոր գործը՝ «Քննական պատմութիւն հայոց», որ առաջին փորձն էր մեր պատմութիւնը աղբիւրագիտական քննական մօտեցումով շարադրելու մինչեւ Ք.Ե. 5րդ դար։
Մահացած է Պոլսոյ մէջ, 26 Նոյեմբեր, 1903ին։