Առաջնորդարանէն

ՇՈՂԻԿ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՉԻՆԱՐԷՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒՀԻ ԵՒ «ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ»Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳՐԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԱԼՆԵՐԷՆ

Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողուհի՝ 20ամեայ Շողիկ Գրիգորեան, Հայաստանի նոր սերունդի խոստմնալից երիտասարդուհիներէն մէկն է, ո՛չ միայն իր բնական խելացութեամբ, այլ իր ընտրած ասպարէզով ու հեռանկարներով։

Շողիկ արձանագրուած է համալսարանի չինարէնի ու չինական մշակոյթի դասընթացքին, եւ կը յուսայ դառնալ չինարէնի թարգմանիչ։ “Crossroads”ի թղթակիցին հետ կարճ խօսակցութեան մը ընթացքին, Շողիկ անդրադարձաւ Չինաստանի աճող կարեւորութեան՝ տնտեսական ու քաղաքական իմաստով, շրջանի եւ աշխարհի մէջ։

«Չինարէն սովորել նոյնն է, թէ սովորել երեք ուրիշ օտար լեզուներ՝ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն, կամ դրանց նմանները», ըսաւ, լեզուին կարեւորութիւնը գնահատելով ըստ անոր պահանջարկին՝ աւարտելու ժամանակ, եւ չինարէնի մասնագէտներու սահմանափակ թիւը Հայաստանի մէջ։

Շողիկ դուստրն է Արամ Գրիգորեանի՝ արցախեան առաջին պատերազմի մարտիկներէն, որ մահացած է 2014ին, եւ Մարինէ Սարգսեանի։ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութիւնը կ՚աջակցի անոր համալսարանական ուսման, եւ միաժամանակ կը հովանաւորէ անոր քոյրը՝ 11 տարեկան Վիկտորիան, եւ եղբայրը՝ Ռազմիկը։ Ընտանիքը կ՚ապրի սասունցիներու շառաւիղներով բնակուած Թալինի շրջանի Պարտիզակ գիւղը։