Առաջնորդարանէն

ՌՈԼԱՆՏ ՍՐԿ. ԹԷԼՖԷԵԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԻ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ

Շաբաթ, 13 Փետրուարին եւ Կիրակի, 14 Փետրուարին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պիտի կատարէ Ռոլանտ Սրկ. Թէլֆէեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի խարտաւիլակութեամբ։ Ձեռնադրութեան կնքահայրը պիտի ըլլայ Արժ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան։ Արարողութիւնը ուղիղ կերպով պիտի սփռուի։

Ձեռնադրութեան գործընթացը կը սկսի Շաբաթ օր՝ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Կոչման արարողութեամբ։ Թեկնածուն իր ծունկերուն վրայ կը քալէ եկեղեցւոյ կեդրոնէն՝ իբրեւ խոնարհութեան եւ Աստուծոյ ծառայելու պատրաստակամութեան նշան։ Տարբեր հարցումներով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը հաստատէ թեկնածուին արժանաւորութիւնը եւ անոր կամեցողութիւնն ու կարողութիւնը՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ իբրեւ քահանայ ծառայելու։

Կիրակի օր, ըստ Հայց. Եկեղեցւոյ աւանդութեան, ձեռնադրութիւնը եւ օծումը տեղի կ՚ունենան Ս. Պատարագի հետ միահիւսուած, քանի որ ասիկա նորօծ քահանային ծառայութեան ամենէն տեսանելի դաշտը պիտի ըլլայ։

Ռոլանտ Սրկ. Թէլֆէեան ծնած ու մեծցած է Նիւ Եորք՝ Հայ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ։ Թուաբանութեան եւ երաժշտութեան տեսութեան վկայականներ ստացած է՝ կեդրոնանալով համակարգչային գիտութեան եւ եկեղեցական երաժշտութեան վրայ։ Աշխատած է իբրեւ կիսահաղորդիչներու պատրաստութեան հետազօտող եւ իբրեւ բաժնետոմսերու առեւտուրի աւագ ռազմագէտ ու ֆինանսական թուաբանագէտ՝ Ուոլ Սթրիթի մէջ։

2019ին, սարկաւագ ձեռնադրուած է Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի կողմէ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Արեւելեան թեմի հոգեւորականներու եւ ուսումնականներու հետ խորացուցած է իր եկեղեցագիտական եւ հայերէնագիտական գիտելիքները, մասնակցելով նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քահանայից դասարանի դասընթացքներուն։

Ռոլանտ Սրկ. Թէլֆէեան կ՚ապրի Շառլոթ (Հիւսիսային Գարոլայնա) իր կնոջ՝ Մարոյի եւ դուստրերուն՝ Անահիտին եւ Յասմիկին հետ։ Հոն բոլորն ալ կը ծառայեն տեղւոյն կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ։