ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՈԳԻՆ
Թերեւս աւելի քան երբեք մեր ներկայ ժամանակներուն, Վարդանանց պատերազմի ոգեկոչումը յատկապէս սուր հանգամանք մը կրէ աշխարհասփիւռ հայութեան, երբ տակաւին թարմ է հայ երիտասարդներու քաջարի պայքարը արցախեան պատերազմին։ Բոլորս այժմ կրնանք անոր պատմական կարեւորութիւնը աւելի յստակօրէն տեսնել։ .
Այսօր՝ Հինգշաբթի, 11 Փետրուար, ազգովին կը յիշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը, ի պատիւ բոլոր հերոս նահատակներուն, որոնք ինկան 451 թուականի պատերազմին ընդդէմ զրադաշտական Պարսկաստանի՝ ի պաշտպանութիւն քրիստոնէութեան։ Պարսիկ թագաւոր Յազկերտ Բ. հրահանգած էր բոլոր հպատակ քրիստոնեաներուն ուրանալ իրենց կրօնքը եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը։ Սակայն, հայոց հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարները մերժեցին ենթարկուիլ եւ ուխտեցին պայքարիլ ճշմարտութեան թշնամիներուն դէմ։ Աւարայրի դաշտին վրայ, երկու բանակներուն ճակատագրական կռիւի նախօրեակին, հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան այսպէս ըսաւ իր զինուորներուն. «Ան, որ կը կարծէր, թէ մենք քրիստոնէութիւնը իբրեւ զգեստ ունինք հագած, այժմ չի կրնար մեզ փոխել՝ ինչպէս մարմնի գոյնը կարելի չէ, գուցէ այլեւս չկարենայ մինչեւ վերջ: Որովհետեւ ասոր հիմքերը հաստատ կերպով դրուած են անշարժ վէմի վրայ, ո՛չ թէ երկրի վրայ, այլ վերը՝ երկնքի մէջ, ուր ո՛չ անձրեւներ կու գան, ո՛չ քամիներ կը փչեն եւ ոչ ալ հեղեղներ տեղի կ՚ունենան: Եւ մենք ալ, թէպէտեւ մարմնով երկրի վրայ ենք, բայց հաւատքով հաստատուած ենք երկնքի մէջ, ուր ո՛չ ոք կրնայ հասնիլ Քրիստոսի անձեռագործ շինուածքին»:
Քանակով նուազ հայոց բանակը ուժեղ դիմադրութիւն ցուցաբերեց հզօր թշմամիին դէմ։ Վարդանն ու բազմաթիւ զինակիցներ նահատակուեցան, բայց պարսիկները ա՛լ աւելի մեծ թիւով կորուստներ ունեցան եւ վերահասու եղան քրիստոնէութեան հանդէպ հայոց ուժեղ յանձնառութեան։ Այս ճակատամարտով, հայ ժողովուրդը փաստեց, որ քրիստոնէութիւնը այլեւս իր ինքնութեան մաս կը կազմէր։
Վարդանի եղբօրորդին՝ Վահան Մամիկոնեան, որ գլուխը անցած էր հայոց ընդդիմութեան՝ պարսկական նոր սադրանքներու դէմ, աննահանջ ոգիով պայքարելէ ետք՝ 484ին յաջողեցաւ կնքել Նուարսակի դաշնագիրը, որ կրօնական ազատութիւն եւ ինքնավարութիւն շնորհող առաջին փաստաթուղթն է։
Հայաստանեայց Եկեղեցին Վարդանանց հերոսները սրբացուց 5րդ դարուն իսկ։ Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած Վարդանանց տօնի օրհնութեան շարականը կ՚ըսէ.
«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինեաց, վառեցար զինու հոգւոյն արիաբար ընդդէմ մահու, Վարդան քաջ նահատակ որ վանեցեր զթշնամին, վարդագոյն արեամբդ քո պսակեցեր զեկեղեցի։
… Գոհութեամբ փառատրութիւն երրորդութեանդ նուագեմք, բազմութեամբ պսակելոցս զմեօք մածեալ առաքինեացս, եկեղեցիք Հայաստանեայց պայծառապէս զարդարեցան, ունելով միշտ բարեխօս զճգնութիւն մարտի սոցա»։
(«Նորահրաշ պսակաւոր եւ զօրագլուխ առաքինիներու, Հոգիի զէնքով արիաբար զինուեցար մահուան դէմ. Վարդան, քաջ նահատակ որ թշնամին վանեցիր, վարդագոյն արիւնովդ եկեղեցին պսակեցիր։
… Գոհաբանութեամբ օրհնութիւն կ՚երգենք սուրբ Երրրոդութեանդ, մեզի՝ առաքինիներուս միացած մարտիրոսներու բազմութեամբ, Հայոց եկեղեցիները պայծառապէս զարդարուեցան, միշտ բարեխօս ունենալով անոնց նահատակութիւնը»)։
* * *
Վարդանանց տօնին առիթով, կը շնորհաւորենք անուանակոչութեան տօնը բոլոր անոնց, որոնք սպարապետ Վարդանի եւ իր զօրավարներու՝ Խորէն, Արտակ, Հմայեակ, Տաճատ, Վահան, Արսէն, Գարեգին, անունը կը կրեն։ Ի յիշատակ 1036 նահատակ զինուորներուն, նաեւ անուանակոչութեան տօն չունեցողներուն օրն է այսօր։