(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 14 Փետրուար)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան, Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան քառասուներորդ օրը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ քառասնօրեայ Յիսուսի Տաճար ընծայումը իր ծնողաց՝ Յովսէփի եւ Մարիամի կողմէ, համաձայն մովսիսական օրէնքին (Ղեւտ 12.1-4)։ Աւետարանի մեր ընթերցումն է Ղուկասու 2.41-50, ուր կը պատմուի 12 տարեկան Յիսուսի մասին հոյակապ դրուագ մը, որ տեղի կ՚ունենայ Սողոմոնի տաճարին մէջ։ Իսկ քառասնօրեայ ընծայման Աւետարանը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուի նախատօնակին։ Հետեւաբար, խորհրդածութիւնս պիտի ըլլայ վերջինին վրայ։ Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ Յովսէփ եւ Մարիամ երբ Յիսուսը մանուկը Տաճար կը տանին, Սիմէոն անունով արդար եւ բարեպաշտ ծերունի մը, որուն երկնային խոստում մը տրուած էր, թէ պիտի չմեռնի մինչեւ որ իր աչքերով տեսնէ Մեսիան, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած կուգայ Տաճար։ Յիսուսի ծնողքը երբ Տաճար կը բերեն Յիսուսը, Սիմէոն զԱյն իր ձեռքերուն մէջ կ՚առնէ եւ փառաբանելով զԱստուած, կ՚ըսէ. «Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի, որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն»։ Մինչ ծնողքը ապշախառն հիացումով կը հետեւին ըսուած խօսքերուն, Սիմէոն զիրենք եւս կ՚օրհնէ, եւ յատկապէս իր խօսքը ուղղելով Մարիամին, կ՚ըսէ. «Այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ…: Գալով քեզի, քու ալ սիրտէդ սուր մը պիտի անցնի»։ Սիմէոնի մարգարէութենէն ետք, Աննա անունով մարգարէ մը կը միանայ իրենց, զԱստուած կը գովաբանէ, եւ դարձեալ Յիսուսի մասին կը մարգարէանայ։
Ղուկասու Աւետարանի նկարագրած այս դրուագը այն սքանչելի հատուածներէն մին է, ուր ժամանակի երեք տարածքները՝ անցեալ, ներկայ եւ ապագայ, կ՚ընդելուզուին եւ Աստուծոյ պրիսմակէն դիտուած կը դառնան կատարեալ մէկ ամբողջութիւն։ Ուստի, մխրճուելով աստուածային խորհուրդներու անհունին մէջ, որ անգամ մը եւս մեզի կը յայտնուի մանուկ Յիսուսով, մեր ինքնութեան անպարագծութիւնը վայելենք Բարեգութ Արարչին տնօրինութեամբ։
ա. Առաջին հերթին ծանօթանանք Սիմէոնին, որուն ինքնութիւնը աւանդութեամբ քօղարկուած է ։ Ինչպէս կ՚իմանանք Առաքելական եկեղեցիներու պատմութենէն, Սիմէոն Սուրբ Գրքի եօթանասուն հրեայ մասնագէտներէն մէկն էր, որ Երուսաղէմէն հրաւուիրուած էր Եգիպտոս` Պտղոմէոս թագաւորին կողմէ, նախ քան Քրիստոս Բ․ դարուն, որպէսզի Սուրբ Գիրքը եբրայերէնէ թարգմանէ յունարէնի, որ յետագային ծանօթ դարձաւ Եօթանասնից անունով։ Թարգմանութեան ընթացքին, Սիմէոն կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապ մը, երբ կը հասնի Եսայի մարգարէին հետեւեալ համարին՝ «ահա, կոյսը պիտի յղանայ եւ ծնի որդի մը, որ պիտի կոչուի Էմմանուէլ» (Ես 7.14). խոստում մը, որ տրուած էր Աստուծոյ կողմէ Աքազ թագաւորին։ Սիմէոն ինքզինք կը գտնէ երկսայրի սուրի մը առջեւ։ Ինչպէ՞ս կրնար նման անըմբռնելի խօսք մը հելլենական աշխարհին ներկայացնել։ Միւս կողմէ չէր կրնար ինքզինքին թոյլատրել զայն զեղչել, ուստի կը խնդրէ որ ազատ կացուցուի այս աշխատանքէն։ Մինչ այդ, Սուրբ Հոգին իրեն կը յայտնէ որ ինք պիտի չմեռնի մինչեւ որ տեսնէ այս մարգարէութեան իրականացումը։ Ահա թէ ինչու Ղուկաս Աւետարանիչը այնքան թանկագին այս մանրամասնութիւնը ներառած է իր Աւետարանին մէջ։
Այս աւանդութեան նկատմամբ թեր ու դէմ բաւական մեկնաբանութիւններ եղած են։ Աւանդական այս պատումին վրայէն նոյնիսկ եթէ լուռ անցնինք, սակայն չենք կրնար ուրանալ Սիմէոնի անձնական վկայութիւնը, թէ իրեն խոստում մը տրուած էր, ըստ որում իր մահէն առաջ, իր աչքերով պիտի տեսնէր Աստուծոյ կողմէ տնօրինուած Փրկութիւնը։ Արդարեւ, Սիմէոնի վկայութեան եւ մարգարէութեան մէջ մենք կը տեսնենք Ժամանակի երեք տարածքներուն մէկութիւնը երկնաւոր Հօր նախախնամութեան հոգատարութեան մէջ։ Ամենագէտ Արարիչը Փրկութեան նախագիծը ունէր աշխարհի սկիզբէն ի վեր, յայտնուեցաւ Եսայի մարգարէին, ապա հարցականի տակ առնուեցաւ եւ ապա ընդունուեցաւ Սիմէոնի կողմէ, որ սկիզբը բանականութեամբ մօտեցած էր եւ ապա հաւատքով, իր կարգին կը մարգարէանայ ապագայի ըլլալիքները, յայտարարը ըլլալով այն իրողութեան, որ անոնք որոնք հաւատքով կը մօտենան Աստուծոյ՝ Ան աւելիով կը հայթայթէ ե՛ւ իմաստութիւնը, ե՛ւ ճշմարտութիւնը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, այլ՝ հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական» (Բ Կոր. 4.18)։
Սիմէոն Ծերունիի երկու փորձառութիւններէն կը սորվինք հետեւեալ յստակ պատգամը։ Բանականութիւնը, իր աներեւակայելի կարողականութեամբ, ունի իր սահմանափակումը։ Ինչպէս որ անջրպետանաւը երբ արձակուի երկրէն, որպէսզի կարենայ դուրս գալ երկրի ծիրէն եւ մուտք գործէ անջրպետ, կարիքը ունի նոր մղումի մը, նոյնպէս Աստուած Բանականութեան կողքին մեզ զարդարած է Հաւատքով, որ ինքնին անիմանալի բանականութիւն է, որպէսզի քննէ խորհուրդները տիեզերական իմաստութեան, հրաշագեղութեան եւ վեհութեան, որ պատրաստուած է մեզի համար, որպէսզի Բարձրեալին ներկայութեան բարձրանանք եւ զԱյն վայելենք։
բ. Մոգերու անակնկալ այցէն, երկրպագութենէն եւ արքայական նուէրներէն ետք, համեստ զոյգի մը երեխան Տաճարին մէջ նման իւրայայտուկ անձնաւորութեան մը կողմէ դիմաւորուիլը իրա՛ւ որ զգլխիչ փորձառութիւն մըն էր Անոր ծնողաց համար։ Քառասնօրեայ երեխայ մը, առանց որեւէ կենսագրականի, յայտարարուիլ որպէս Փրկիչ, սա արդէն անհաւատալի էր եւ զգլխիչ։ Յովսէփ եւ Մարիամ որքան պատուուած, նոյքան հիւլէացած կը զգային իրենք զիրենք այս յայտնութեանց դիմաց։ Մարիամ հետզհետէ կ՚ըմբռնէր Գաբրիէլ Հրեշտակապետի աւետիսին խորքը, թէ «Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար: Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի»(Ղկ 1.30-31)։ Ասիկա, սակայն, միայն սկիզբն էր։
Աւետարանիչին յիշատակութիւնը, թէ Սիմէոն Ծերունին օրհնեց Յիսուսի ծնողքը, մանաւանդ Մարիամին ուղղած անոր խօսքը, շատ ուշագրաւ է։ Մեր Տիրոջ երկրաւոր եռամեայ առաքելութեան շրջանին աւետարաններուն մէջ Յովսէփին երբե՛ք չենք հանդիպիր, մինչՄարիամ եւ եղբայրները – որպէս Յովսէփի որդիները եւ դուստրերը, եւ կամ զարմիկները- տարբեր առիթներով ներկայ են (Մր 6.3)։ Արդեօք ասիկա կանխագուշակո՞ւմ մըն էր Յովսէփի վաղաժամ մահուան. կարելիութիւն է։
գ. Սիմէոնի առ Աստուած բարձրացուցած շնորհակալութեան յաջորդող մարգարէական խօսքը բաւական խռովեցուցիչ էր։ Յիսուսի ծնողքը, որքան որ խորապէս տպաւորուած էին իրենց զաւկի մասին խօսքերէն, նոյնքան սակայն շփոթած էին այն հաստատումէն, թէ «այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ»։ Մարիամ վերյիշելով Գաբրիէլ հրեշտակապետին բարի լուրը, միայն ու միայն դրական խոստում էր (Ղկ 1.51-52, 2.32), իսկ ի՞նչ կ՛ուզէր ըսել Սիմէոն, թէ այս մանուկը շատերու անկումին եւ փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ, բայց մանաւանդ իրեն ուղղուած խօսքը, թէ սուր մը պիտի անցնի իր սրտէն, լրիւ անըմբռնելի էր այդ պահուն։ Միայն Խաչելութենէն եւ Յարութենէն ետքն էր, որ ան պիտի կարենար ըմբռնել եւ ապրիլ Հրեշտակապետին եւ Սիմէոնի մարգարէուէթեան էութիւնը։
Կը հաւատամ, որ հռետորութիւն պիտի չըլլայ ըսել, որ Մարիամ տառապող մայր մը եղաւ ո՛չ միայն իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, այլ նաեւ որպէս Յիսուսի մայրը, ան տառապող մայրն է նաեւ բոլորիս, մանաւանդ անոնց, որոնք կը խոստովանին Քրիստոս իրենց Տէրն ու Աստուածը։ Արդարեւ, սուրի խոցուածքի նման անոր սիրտը կը վիրաւորուի ամէն անգամ երբ մարդիկ Աստուծոյ անսահման օրհնութիւնները վայելելով հանդերձ կ՚ուրանան զԻնք, այս ձեւով դատապարտութիւն բերելով իրենց անձերուն վրայ։
դ. Հին Կտակարանին մէջ թէեւ սակաւաթիւ, սակայն կարեւոր անձինք կան որոնք յիշուած են որպէս մարգարէ, այսպէս՝ Մարիամ, Մովսէսի քոյրը (Ելք 15.20), Դեբովրա (Դատ 4.4), Ողդա (Դ Թագ 22.14), Նովադիա (Նէե 6.14), եւ անանուն մարգարէուհի մը (Ես 8.3))։ Հետաքրքրական է, որ Սիմէոն Ծերունիի օրհնութենէն ետք Աննա մարգարէուհի՝ դուստրը Փանուէլի, կը միանայ քառեակին։ Շատ հակիրճ, բայց թանկագին կենսագրական գիծեր հայթայթած է Աւետարանիչը անոր մասին. «Աննա բաւական յառաջացած տարիք ունէր. անիկա միայն եօթը տարի ամուսնական կեանք վարած էր եւ այժմ ութսուն չորս տարեկան այրի մըն էր: Տաճարէն չէր հեռանար, այլ՝ գիշեր ու ցերեկ, ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցնելով՝ զԱստուած կը պաշտէր: Արդ, ինք ալ նոյն ժամուն գալով՝ գոհութիւն տուաւ Տիրոջ, եւ մանուկին մասին» (Ղկ 2. 36-37)։ Աննա Սիմէոն Ծերունիէն անմիջապէս ետք կը գովաբանէ զԱստուած եւ մանուկին մասին կը խօսի Երուսաղէմի մէջ։ Նման յիշատակում մը նուիրեալ եւ բարեպաշտ կնոջ մը, որ կ՚արձագանգէր Սիմէոնի մարգարէութեան, լաւագոյն ապացոյցն էր որ Աստուծոյ շնորհքը անխտիր բոլորին վրայ է, եւ Յիսուս Քրիստոսով արշալուսուող նոր շրջանին, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ, «խտրութիւն չկայ ո՛չ արուի եւ ո՛չ էգի միջեւ, որովհետեւ բոլորն ալ մէկ են Քրիստոսով» (Գաղ 3.27):
Մեր Տիրոջ քառասնօրեայ Տաճար ընծայման տօնը ծանօթ է նաեւ Տեառնընդառաջ անունով, որ կը նշանակէ Տէրը դիմաւորել։ Ի՜նչ սրտառուչ, հարազատ եւ կենդանի պատկեր, որ կ՛ոգեւորէ մեզ ընդ առաջ երթալու, դիմաւորելու Ան որ կը փափաքի այցելել ո՛չ թէ նիւթեղէն տաճար, այլ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ՝ կ՛ուզէ ապիլ կենդանի տաճարի մէջ (Ա Կոր 3.16), որ Աստուծոյ պատկերը կը կրէ։ Ուստի, Սիմէոն Ծերունիին նման ոչ միայն մեր ձեռքերուն մէջ առնենք Փրկիչը, այլ ընդունինք Զինք մեր սրտերուն, մեր կեանքին մէջ, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս։ Ամէն։