Առաջնորդարանէն

«ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ»Ի ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԱԼ՝ ԱՊԱԳԱՅ ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍ ԵՒ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԵՂԲԱՅՐ ՈՒ ՔՈՅՐ

Ռազմիկ Գրիգորեան եւ իր քոյրը՝ Այտա, կը հովանաւորուին յաջորդաբար տէր եւ տիկ. Ալեքս Պարոնի եւ տիկ. Սառա Մուրատեանի կողմէ։ Անոնք կ՚ապրին Արարատի մարզի Մասիս քաղաքը՝ իրենց խնամակալներուն եւ եղբօր մը հետ։ Ամբողջ ընտանիքը վերջերս այցելած էր «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան գրասենեակը, ուր հանդիպեցան “Crossroads”ի թղթակիցին հետ։

Ռազմիկ ներկայիս կ՚ուսանի «Մասիս» գիւղատնտեսական քոլէճին մէջ։ 9րդ դասարանը աւարտելէ ետք, աշակերտները կրնան յաճախել քոլէճ մը՝ երկրորդական մասնագիտացած վարժարան մը։

Այտան, որ 15 տարեկան է եւ 9րդ դասարան կը յաճախէ, կ՚ուզէ փաստաբան դառնալ։ Թէեւ կը զգայ, որ տակաւին կանուխ է՝ կեանքի ասպարէզի ընտրութեան համար, օրէնքի ու իրաւունքի հանդէպ իր նախասիրութիւնը չի ծածկեր։ Նաեւ կը փափաքի ֆրանսերէն սորվիլ։ Այտան, թէեւ ծանօթ է Վերտիի «Այտա» օփերային, սակայն երգելը իր ասպարէզը պիտի չըլլայ, կ՚ըսէ խնդալով։

Միւս կողմէ, Ռազմիկ պիտի շարունակէ իր ուսումը։ Երեք տարիէն գիւղատնտեսական վկայականը ստանալէ ետք, պիտի յաճախէ տեղական գիւղատնտեսական հիմնարկը՝ ծխախոտի արտադրութեան մէջ մասնագիտանալու համար։ Մասիսի շրջանը ծխախոտի արտադրութեան կարեւոր կեդրոն մըն է։

«Պատկերացնում եմ, որ սփիւռքահայերը ապրում են մեծապէս կարօտելով հայրենիքին», ըսաւ, երբ կ՚անդրադառնար, թէ ինչպէ՞ս հայրենաբնակ հայերը եւ արտասահման ապրողները կ՚ընկալեն զիրար։ Հաւանաբար քիչ հայեր պիտի վիճէին այդ պատկերացումը, թղթակիցը պատասխանեց Ռազմիկին։

“Crossroads”ի յառաջիկայ համարներուն մէջ, պիտի շարունակենք ներկայացնել «Մեծն Ներսէս»ի մեծ ընտանիքի անդամներու դիմանկարներ։ Անցեալ շաբաթ ներկայացուցած էինք Շողիկ Գրիգորեանը՝ չինարէնի ուսանողուհի Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, որուն հովանաւորներն են տէր եւ տիկ. Աւետիս Պոյամեանները։ Քոյրը՝ Վիկտորիա, հովանաւորուած է տիկ. Վըրճինի Զուրեքիի կողմէ, իսկ եղբօր՝ Ռազմիկի հովանաւորը պրն. Ատրիըն Ստեփանեանն է։