ՍԿԻԶԲ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ
Մեծ Պահքը սկսաւ Երկուշաբթի, 15 Փետրուարին։ Աւելորդ պիտի չըլլայ կրկնելը, որ անիկա եկեղեցական տօնացոյցի պահքի ամենէն երկար շրջանն է։ Կը սկսի Բարեկենդանի յաջորդ օրը եւ կը տեւէ 40 օր՝ մինչեւ Ղազարի յարութեան նշումը, որ Ծաղկազարդի նախորդող Շաբաթ օրն է, որուն կը յաջորդէ Աւագ Շաբաթը։
Մեծ Պահքը՝ աղօթքի, քաւութեան, պահեցողութեան եւ բարեպաշտութեան ժամանակաշրջան մըն է, խիստ անձնական հոգեկան ճամբորդութիւն մը, որուն հիմքը Քրիստոսի անապատին մէջ անցուցած 40 օրն է՝ մկրտութենէն ետք։ «Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ» (Մատթէոս 4:1-2)