Հայ լեզուի անկիւնը

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՏԻՏՂՈՍՆԵՐՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ

Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներու ջանքերուն շնորհիւ, քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Հայաստան Ա. դարուն, եւ քրիստոնէական համայնքներու ներկայութիւնը փաստագրուած է յաջորդ երկու դարերուն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ժամանակէն առաջ։

Գրաւոր աղբիւրներու պակասը արգելք է ճիշդ իմանալու, թէ ե՞րբ քրիստոնէութեան հետ կապուած բառապաշարը մտած է հայերէնի մէջ։ Սակայն, աւելի լաւ գիտենք, թէ ուրկէ՞ եկած այդ բառապաշարը։ Գլխաւոր երկու աղբիւրները, տրամաբանօրէն, յունարէնն ու ասորերէնն էին, որոնք գործածուած էին գիրերու գիւտէն առաջ։ Ենթադրուած է, որ Աստուածաշունչը կը կարդացուէր այդ լեզուներով եւ բանաւոր կերպով կը թարգմանուէր հայերէնի՝ մինչեւ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը։

Եթէ միայն կեդրոնանանք եկեղեցական կամ խորանի ծառայողներու անուններուն վրայ, անոնցմէ մէկ քանին անգլերէնի եւ հայերէնի մէջ նոյն ծագումը ունին՝ patriarch /  պատրիարք, archbishop / արքեպիսկոպոս, bishop / եպիսկոպոս։ Այդ հասարակաց աղբիւրը յունարէնն է, ուր patriarkhes կը նշանակէ «ընտանիքի պետ կամ հայր», arkh կը նշանակէ «գլխաւոր, առաջին», եւ episkopos՝ «վերահսկող»։

Պէտք չէ մոռնալ կաթողիկոս բառը, որ նոյնպէս կու գայ յունարէնէն (katholike  «ընդհանրական, տիեզերական. մայր եկեղեցի»), ինչպէս եւ կաթողիկէ բառը (անգլերէն catholic

Հայերէն այլ բառեր կու գան ասորերէնէ, ինչպէս աբեղայ (ասոր. abila) եւ քահանայ (ասոր. kahna

Հետաքրքրական է, սակայն, որ իրանական լեզուներու ազդեցութիւնը այնքան տարածուն էր, որ ունինք վարդապետ («ուսուցիչ») բառը, որ կու գայ պահլաւերէն լեզուի հարաւ-արեւմտեան բարբառէ մը (* vardapati ), որդեգրելով մեզի ծանօթ եկեղեցական իմաստը, եւ դպիր («գրագիր»)՝ պահլաւերէն dipir («քարտուղար, գրագիր») բառը, որ նոյնպէս եկեղեցական իմաստ ստացաւ իբրեւ խորանի ծառայող։ Տարբեր է սարկաւագ բառի պարագան, որ կրնայ աւագ բառին հետ (ծագումը՝ անյայտ) կապ ունենալ, թէեւ սարկ բառին ո՛չ իմաստը եւ ո՛չ ալ ծագումը գիտենք։

Այս համառօտ քննարկումը հետաքրքրական եզրակացութեան մը կը յանգի. Հայ Եկեղեցւոյ բարձր կարգերը յունարէնէ բխած անուններ ունին (կաթողիկոս, պատրիարք, արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս), իսկ ցած կարգերը՝ ասորերէնէ (աբեղայ՝ կուսակրօն եկեղեցական, քահանայ՝ ամուսնացեալ եկեղեցական), իրանական լեզուները անոնց կամուրջը հանդիսանալով իբրեւ վարդապետ բառի հաւանական աղբիւր։ Կրնայ ցոլացնել այն իրողութիւնը, որ արեւմտեան (յունական) ազդեցութիւնը աւելի գերակշիռ դարձած է Հայ Եկեղեցւոյ սկզբնական օրերուն, քան արեւելեանը (ասորական)։