Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ
ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Ես. 33:2-22

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:17-48

 

Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու: Հաստատ գիտցէք, որ բոլոր Օրէնքն ու մարգարէութիւնները կէտ առ կէտ պիտի իրականանան՝ առանց բառ մը իսկ դուրս ձգելու, մինչեւ գայ այն օրը, երբ այս երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին: Ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկինքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի: Իսկ ով որ գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ: Կ’ըսեմ ձեզի.- Եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը:

 

Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է. «Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի: Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի: Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ:

 

Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս: Վստահ եղիր, թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես:

 

Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ’ըլլայ անոր հետ: Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք ձգուիս: Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք ձգուիս:

 

Ըսուած է նաեւ. «Ով որ իր կինը կ’արձակէ, անոր արձակման թուղթ թող տայ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Ան որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը կ’արձակէ, ինք պատճառ կը դառնայ անոր շնութիւն ընելուն: Նոյնպէս, շնութիւն ըրած կ’ըլլայ ան՝ որ կ’ամուսնանայ արձակուած կնոջ հետ:

 

Լսեր էք նաեւ որ անցեալին ըսուած է. «Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մազ մը իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել: Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ: Անկէ աւելին չարէն կու գայ:

 

Լսեր էք որ ըսուած է. «Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին: Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր: Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր: Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա: Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տո՛ւր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ՝ երես մի՛ դարձներ:

 

Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ»: Իսկ ես կ’ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն: Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ: Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել: Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ’ըլլաք: Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է:

 

ՆԱՄԱԿ ՀՌՈՄԷԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:1-13:10

 

Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուած ա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ, կ’աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը: Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ:

 

Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհքով հետեւեալ պատուէրը կու տամ իւրաքանչիւրիդ.- Մեծամիտ մի՛ ըլլաք. ընդհակառակը, միշտ համեստ եղէք եւ միայն Աստուծմէ ձեզի տրուած հաւատքին չափով գնահատեցէք դուք ձեզ: Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով, մենք բոլորս մէկ մարմին ենք: Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք, բայց Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք: Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունինք՝ պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ: Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է՝ պէտք է ծառայենք: Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք՝ պէտք է ուսուցանենք: Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք՝ պէտք է յորդորենք: Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժնողը առատօրէն թող բաշխէ: Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի: Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ:

 

Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ: Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք: Եղբօր պէս իրար սիրեցէք գորովանքով: Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք: Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու: Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք: Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք: Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք: Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անիծէք, այլ օրհնեցէք: Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք: Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք:

 

Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք: Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է: Որքան կրնաք՝ ամենուն հետ խաղաղ ապրեցէք: Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. ե՛ս պիտի հատուցանեմ», իսկ ուրիշ տեղ մը կ’ըսէ.-

«Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն.

եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր:

Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ’այրէ»:

Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին:

 

Ամէն մարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են: Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է

որ հակառակած կ’ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն: Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ միայն չարագործներուն: Դուն կ’ուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ: Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես. որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած: Իսկ եթէ չար գործես՝ վախցի՛ր անկէ, որովհետեւ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ. որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ բարկութեամբ կը դատէ եւ կը պատժէ չարագործները: Ահա թէ ինչու՝ պէտք է իշխանութեանց հնազանդիլ. ո՛չ միայն պատիժէն զերծ մնալու, այլ մանաւանդ խիղճով հանգիստ ըլլալու համար: Ատոր համար է նաեւ, որ իշխանութեանց տուրք կը վճարէք, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ՝ շարունակեն իրենց այդ դերը կատարել: Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք, հնազանդելով անոր՝ որուն հնազանդութիւն կը պարտիք եւ յարգելով ան՝ որուն յարգանք կը պարտիք:

 

Ոեւէ մէկուն ոեւէ բանով պարտական մի՛ մնաք. միմիայն իրար սիրելու պարտաւորութիւնը ունեցէք, քանի որ իր ընկերը սիրողը կատարած կ’ըլլայ Աստուծոյ Օրէնքը: Որովհետեւ Աստուծոյ պատուիրանները, «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, մի՛ ցանկար» եւ միւս բոլորը, խտացած են սա միակ պատուիրանին մէջ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Ով որ իր ընկերը կըսիրէ, չարիք չ’ըներ անոր: Ուրեմն սիրել՝ կը նշանակէ Աստուծոյ Օրէնքը լման գործադրել: