Առաջնորդարանէն

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ Տ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՔԱՀԱՆԱՅ ԹԷԼՖԷԵԱՆԻ

Կիրակի, 14 Փետրուար, քառասնօրեայ Յիսուս մանուկի Տաճար ընծայման տօնը, Հայ Եկեղեցւոյ, Ազգային Առաջնորդարանի եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ համայնքին  (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) համար այս տարի եղաւ ցնծութեան, մանաւանդ ներկայ պսակաձեւ ժահրի ստեղծած անորոշ ու ճնշիչ տագնապին մէջ, ժողովրդական ասոյթով «սիրտ բանալիք», նաեւ յուսադրիչ օր մը, երբ Ռոլանտ Սարկաւագ Թէլֆէեան քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացաւ, վերակոչուելով Տէր Կարապետ Քահանայ։

Շաբաթ, 13 Փետրուարին, երեկոյեան Կիրակնամուտի ժամերգութեան յաջորդեց Կոչման արարողութիւնը։ Ռոլանտ Սարկաւագ, ընկերակցութեամբ իր խարտաւիլակին՝ Արժանապատիւ Տ. Նարեկ Քահանայ Թրթռեանին, հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, եւ Արժանապատիւ Տ. Վահան Քահանայ Գույումճեանի, հովիւ Սուրբ Ստեփաննոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ), ծնկաչոք յառաջացաւ եկեղեցւոյ մուտքէն դէպի դաս, մինչ Գերապատիւ Տ. Սահակ Ծ․ Վարդապետ Եմիշեան՝ Առաջնորդական Փոխանորդ եւ հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), ողբանուագ «Նայեա ի մեզ» սրտառուչ շարականը կ՚երգէր։

Նուիրեալը երեք հանգրուաններով հասաւ դաս, ուր Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հարցաքննութեան ենթարկեց անոր Սուրբ Գրքի գիտութիւնը, վարքը, հաւատքը։ Խարտաւիլակ Տէր Հօրմէ եւ անձնապէս նուիրեալէն ստանալով առհաւատչեան, զայն կոչեց սուրբ աստիճանին։ Ռոլանտ Սարկաւագ նզովեց 159 հերձուածողներ ու աղանդաւորական շարժումներ, ապա խոստացաւ աշակերտիլ եւ հետեւիլ Ընդհանրական ու Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերուն, եւ ընթերցեց հաւատոյ յատուկ հանգանակը, որ աւելի ընդարձակ խմբագրութիւն մըն է քան Նիկիոյ Հաւատոյ Հանգանակ անունով ծանօթ բնագիրը։

Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ Կոչման արարողութիւնը։

Կիրակի առաւօտ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատոյց Սուրբ Պատարագը։ «Զի ողորմած»էն անմիջապէս ետք, նուիրեալը դարձեալ ծնկաչոք «ուխտագնացութիւն» կատարեց, այս անգամ դասէն դէպի խորան բարձրանալով, սարկաւագներու սաղմոսասացութեամբ։ Բեմին ձախակողմը խարտաւիլակ քահանայ հայրը բարձրաձայն դիմելով Ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր, ըսաւ. «Մարդասէր Աստուծոյ աղաչենք Ռոլանտ Սարկաւագին համար, որ պատրաստ է քահանայութեան կոչուելու, որպէսզի այս կոչումով արժանի ըլլայ այս ձեռնադրութեան զօրութեան ու շնորհքներուն, եւ քահանայութեան շնորհքը ստանայ ամենակալ Աստուծմէ։ Թող Տէրը փրկէ եւ ողորմի»։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հրաւիրելով ընծայեալը, իր աջ ձեռքը դրաւ Ռոլանտ Սարկաւագի գլխուն, եւ աղօթեց. «Բարերար եւ մարդասէր, այս ծառայիդ տուր շնորհքը՝ քահանայութեան աստիճանը առնելու ամենակալ Աստուծմէդ, այս կոչումովն ու ձեռնադրութեամբը, որպէսզի արժանի ըլլայ Սուրբ Հոգիդ ընդունելու եւ արժանաւոր կերպով ստանալու վերակացութեան պարգեւները, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ»։ Այնուհետեւ, Ռոլանտ Սարկաւագ արեւմուտք դառնալով, ձեռքերը վեր՝ աշխարհիկ կեանքէ հրաժարումի ձեւով պարզեց, մինչ ներկայ եկեղեցականաց դասը երեք անգամ երգեց «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհք» հոգեպարար երգը, իսկ դպիրները պատասխանեցին «արժանի է», ալեկոծելով բոլորին հոգիները։ Ապա, ան վերստին խորան դարձաւ, ձեռնադրիչ սրբազանը եղանակաւորեալ շարականը աղօթական ձեւով արտասանեց, ըսելով․ «Աստուածային երկնաւոր շնորհքը, որ միշտ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ ծառայութեան կարիքները կը բաւարարէ, սարկաւագութենէ քահանայութեան կը կոչէ Ռոլանտը, սուրբ եկեղեցիին ծառայելու համար, իր անձին եւ ամբողջ ժողովուրդին վկայութեան համաձայն»։ Անմիջապէս ետք, իր ձեռքը դնելով նուիրեալին վրայ, աւելցուց. «Ես ձեռքս կը դնեմ Ռոլանտ Սարկաւագին վրայ եւ դուք բոլորդ աղօթեցէք, որպէսզի արժանի ըլլայ քահանայական աստիճանը անարատ պահելու Աստուծոյ սուրբ սեղանին առջեւ»։ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերու հաւատքի սուրբ եւ մաքրամաքուր ակունքներէն բխած աղօթքներու եւ մաղթանքներու ընթերցումով, Սրբազան Հայրը Աստուծմէ խնդրեց, «ձեռնադրուած այս ծառադ, որ ընդունեցիր եւ ընտրեցիր որպէսզի երէց ըլլայ, անսասան պահէ քահանայութեան մէջ, որուն կոչեցիր։ Զգաստ սիրտ մը տուր իրեն, որպէսզի զգուշութեամբ պահէ բոլոր պատուիրանները, սիրէ քեզ իր ամբողջ զօրութեամբ եւ սրտով եւ իր ամբողջ մտքով։ Որպէսզի ճշմարտօրէն արդար ճամբու մէջ ապրի, մաքուր սրտով եւ անկեղծ հաւատքով, բարի գործերով առատացած՝ քու բարեսէր կամքիդ համաձայն. հաստատուն եւ անարատ մնայ քու ներկայութեանդ՝ ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջ, շինուած եւ հաստատուած առաքեալներու եւ մարգարէներու հաւատքի վէմին վրայ։ Ըլլայ մշակ մը, որ ամչնալիք որեւէ բան չունենայ, եւ ուղիղ կերպով ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը, բոլոր լսողներուն մէջ սերմանելու համար առաքելական եկեղեցւոյ կենդանարար եւ ուղղափառ հաւատքը»։ Աղօթքի աւարտին նուիրեալին ուրարը պարանոցին վրայէն ձախէն աջ բերելով, ըսաւ. «Ա՛ռ մեր Տիրոջ Քրիստոսի լուծը, որովհետեւ անոր լուծը քաղցր է եւ անոր բեռը՝ թեթեւ»։ Այնուհետեւ, Սուրբ Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ «Ողջոյն»։
Նախ քան «Ողջոյն» երգուիլը, նուիրեալը ծունկի եկաւ։ Սրբազան Հայրը, աղօթքէ մը ետք անոր ուսերուն, շուրջ փռեց փիլոնը, ապա յաջորդաբար յանձնեց սաղաւարտը, փորուրարը, գօտին, շուրջառը եւ զգեստի միւս մասերը, միշտ աղօթելով ու ըսելով՝ «Արդարութեան այս զրահը առ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքէն», «Առ փրկութեան սաղաւարտը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքէն», «Սուրբ Հոգիէն կարողութիւն ստացիր կրելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի լուծը»,  «Սուրբ Հոգիէն ա՛ռ կապելու եւ արձակելու իշխանութիւնը», եւ վերջապէս՝ «մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, փրկութեան հագուստ եւ ուրախութեան նորակերտ պատմուճան հագցնէ քեզի, որպէսզի նոր եւ հոգեւոր կեանք մը վայելես»։

Սարկաւագները ընծայեալը առաջնորդեցին աւանդատուն, որպէսզի զգեստաւորուի ըստ պատշաճի, մինչ այդ Դպրապետ Արմէն Արծիւեանը երգեց «Խորհուրդ խորին» երկնասլաց, խորիմաստ շարականը։

Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան թափօրով Սուրբ Աւազանէն բերաւ միւռոնաթափ Աղաւնին, «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեց “Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականը եւ «Ամէն Ալէլուիա» երգը։ Նորածինի մը աշխարհ գալու խոր ակնկալութեամբ պարուրուած բոլորին սրտերու տրոփիւնը ակնթարթ մը կանգ առաւ «Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի զճակատս» բառերու արտասանութեան ժամանակ, եւ այնուհետեւ ցնծութեան արցունքներով դիմաւորուեցաւ ծնունդր նոր հոգեւոր մշակին՝ «Տէր Կարապետ քահանայի» հնչումով։ Այո՛, որքան խորհուրդ կը պարունակէ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը։ Մանաւանդ, վերանուանումի ակնթարթային այս պահը որ կը խորհրդանշէ մեռնիլ՝ աշխարհին, եւ ծնիլ՝ Քրիստոսով, աշխարհի փրկութեան ի խնդիր։

Սրբազան Հայրը ապա Տէր Կարապետին յանձնեց սուրբ սկիհը, ըսելով․ «Ա՛ռ եւ Սուրբ Հոգիէն կարողութիւն ու իշխանութիւն ընդունէ՝ խաչակնքելու եւ այս սուրբ պատարագը մատուցանելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով, ողջերուն եւ մեռեալներուն համար»։ Այնուհետեւ, բուրվառը ձեռքին, երեք անգամ նորընծային դիմելով ըսաւ. «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկալ կեցո եւ ողորմեա։ Օրհնեա Տէր Կարապետ քահանայ», եւ խնկարկեց Տէր Հօր եւ ժողովուրդին, մինչ Տէր Կարապետը իր անդրանիկ օրհնութիւնը կը բաշխէր հաւատացեալներուն։

Ձեռնադրութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը հետեւեալ քարոզը տուաւ․
«Ամենակալ Աստուծոյ տնօրինութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանի Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու համաձայնութեամբ եւ ձեր բոլորին վկայութեամբ, այսօր Ռոլանտ Սարկաւագը ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ քահանայ, վերակոչուելով Տէր Կարապետ՝ Յովհաննէս Կարապետ-Մկրտիչի անունով։ Կարապետ․ ի՜նչ հոյակապ մակդիր՝ ճամբայ բացող, մանաւանդ ո՛չ պարզ հողեղէն արարածի մը, այլ մարդացեալ Աստուածորդւոյն, երբ շարականագիր վարդապետի բառերով՝ «Մեծն ի ծնունդս կանանց» Յովհաննէս Կարապետը ամենայն խոնարհութեամբ անապատին մէջ կը քարոզէր, ըսելով. «Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ աւելի հզօրը պիտի գայ, որ ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ: Ես անոր կօշիկին կապերն իսկ քակելու արժանի չեմ» (Ղկ 3.16)։ Ճիշդ է, որ նորընծայ Տէր Կարապետը անապատի մէջ չապրեցաւ, սակայն հոգեբոյր ընտանիքի մը մէջ իր աչքերը բանալով, սնանեցաւ Սուրբ Գրքի, եկեղեցւոյ Հայրերու եւ առհասարակ անապատական հայրերու մաքրամաքուր շունչով, հաւատքով ու բարքով, ընտանեկան բոյն կազմեց իր կնոջ եւ զոյգ դուստրերով, դարձեալ հոգեմտաւոր մթնոլորտով։ Երբ ժամանակը հասաւ եւ կոչում զգաց, ահա այսօր, ան ծունկի եկաւ առաջի Աստուծոյ եւ հաւատացեալներուդ, որպէսզի Սուրբ Հոգիով առաջնորդուած, քալէ Կարապետներու, Մկրտիչներու, Գրիգորներու շաւիղով եւ իրեն վստահուելիք հօտը կենսաւորէ Քրիստոսի սիրով, Ոսկեղնիկի մշակոյթով եւ հայրենիքի հաւատարմութեամբ»։

Առաջնորդ Հայրը, նաեւ վեր առնելով տօնի իւմաստը՝ Տեառնընդառաջ, որ է՝ դիմաւորել, ընդ առաջ երթալ Տիրոջ, մաղթեց որ նորընծայ Տէր Կարապետը, որ ուրախութեամբ դիմաւորած է մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր կեանքին մէջ հանդերձ ընտանեօք, որպէս օրինակելի հովիւ, ճամբայ բանայ ուրիշներու կեանքին մէջ, որպէսզի անոնք եւս իրենց հերթին ուրախութեամբ դիմաւորեն Քրիստոս։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը փակեց ըսելով․ «Մեր Հայրերու սրբասնունդ աղօթքները, որոնք վերակենդանացան այսօրուան Ձեռնադրութեան արարողութեամբ, թող որ Սուրբ Գրքի բառերով ըլլան քայլերուդ ճրագը (Սղ 119.105), որպէսզի ըլլաս ո՛չ միայն Հովիւ՝ հօտիդ, այլ ամէնուրեք՝ ծանօթ թէ անծանօթ, հաւատակից կամ ոչ, ոեւէ անձ քու մէջէդ տեսնէ Աստուծոյ ներկայութիւնը, եւ ինչպէս Եղիա մարգարէն ճանչցուած էր (Գ Թագ 17), քեզի համար եւս ըսեն, «ահա Աստուծոյ մարդը»։
Քարոզէն անմիջապէս ետք, սարկաւագին «ողջոյն»ի հրաւէրով, նախ ձեռնադրիչ սրբազանը եւ ապա ներկայ հոգեւորականներն ու Սուրբ Խորանի ծառայողները յաջորդաբար ողջոյնը ստացան նորօծ Տէր կարապետի աջէն։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յատուկ աղօթքով մը օրհնեց երէցկին Մարիին քօղը, նաեւ օրհնեց դուստրերը՝ Անահիտը եւ Յասմիկը։ Այնուհետեւ, Մկրտութեան Աւազանին առջեւ կնքահայրը՝ Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան լուաց Տէր Կարապետին օծեալ ձեռքերն ու ճակատը։

Արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւը եւ հոգաբարձութիւնը կոկիկ ճաշկերոյթով պատուեցին Տէր Կարապետը, ընտանիքը եւ անմիջական շրջանակը։ Յաջորդաբար խօսք առին Տ. Նարեկ Քահանայ, որ յանուն Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան խնդակցութիւն յայտնեց այս բացառիկ պատեհութեան համար։ Տ. Վահան Քահանայ, յանուն հոգեւորականաց, բարի գալուստ մաղթեց Տէր Կարապետին, որ միացաւ Ազգային Առաջնորդարանի եկեղեցականաց դասուն, միաժամանակ ուրախութեամբ փոխանցեց անոր իր «Բենիամինութիւն»ը։ Յուսկ ապա, Տ. Կարապետ Քահանայի երախտագիտութեան խօսքով ու «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ հաւաքը։
Տ. Կարապետ Քհն. Թէլֆէեան իր քառասնօրեայ առանձնացումի շրջանը կ՚անցընէ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, եւ աղօթքով ու խոկումով կը պատրաստուի ծառայական իր առաքելութեան։

ՇԱԲԱԹ, 13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ | ԿՈՉՈՒՄ














































































ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ | ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ