ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԵԼԻՔ-ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ (մահ՝ 22 Փետրուար, 1970)
Փայլուն հայագէտ Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան վերապրած է ստալինեան բռնութիւններուն եւ շատ կարեւոր վաստակ մը ձգած՝ 20րդ դարու հայագիտութեան մէջ։
Մելիքներու շառաւիղ Կ. Մելիք-Օհանջանեան ծնած է 4 Մարտ, 1893ին, Մեղրիի շրջանի Կալեր գիւղին մէջ։ Մանուկ հասակին, փոխադրուած է Գանձակ, ուր մասնաւոր ուսուցիչներու քով եւ ապա՝ երկու տարի ուսանած է արական գիմնազիոնի մէջ։ Այնուհետեւ, 1903ին մտած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը։
1911ին աւարտած է ճեմարանի դասարանական բաժինը եւ յաջորդ տարի մտած է մասնագիտական լսարաններու արեւելագիտական բաժինը։ 1913ին, 20ամեայ Մելիք-Օհանջանեանը հայ տպագրութեան պատմութեան զեկուցում կարդացած է հայ գիրերու գիւտի 1500ամեակի եւ տպագրութեան 400ամեակի առիթով ճեմարանին մէջ կազմակերպուած գիտական նստաշրջանին։ Յաջորդ տարին, գրած է իր անդրանիկ գիտական հետազօտութիւնը՝ «Մամիկոնեանների նախարարական տոհմը ըստ Փաւստոս Բուզանդի հայոց պատմութեան», որ ձեռագիր վիճակի մէջ արժանացած է ճեմարանի դասախօսական խորհուրդի յատուկ մրցանակին՝ չորս ամսուան արտասահմանեան գործուղղումի։ Նոյն տարին, ըստ մրցանակի պայմաններուն, Կ. Մելիք-Օհանջանեան ուղարկուած է Գերմանիա՝ հմտանալու համար գերմաներէնի մէջ եւ սորվելու սանսկրիտ լեզուն։ Սակայն, շուտով սկսած է Առաջին Աշխարհամարտը, որուն հետեւանքով ապագայ գիտնականը ստիպուած է մօտ վեց տարի մնալ Պերլին։
Մելիք-Օհանջանեան 1915-1917 թուականներուն ազատ ունկնդիր եղած է Պերլինի համալսարանին մէջ։ 1920ին վերադառնալով Երեւան, աշխատած է Նիկոլ Աղբալեանի գլխաւորած հանրային կրթութեան եւ արուեստի նախարարութեան մէջ, ապա՝ արական գիմնազիոնին մէջ։ Խորհրդայնացումէն ետք, 1921ին գլխաւորած է Հայաստանի գիտական հիմնարկը Էջմիածնի մէջ, իսկ 1922-1930ին դասախօսած՝ Երեւանի պետական համալսարանին եւ մանկավարժական հիմնարկին մէջ։ 1930-1931ին նշանակուած է Հայաստանի գիտութեան եւ արուեստի հիմնարկի գիտական քարտուղար, 1931-1932ին՝ նիւթական մշակոյթի պատմութեան հիմնարկի կազմակերպիչ-տնօրէն ու գիտական քարտուղար, իսկ 1932ին, այս հաստատութեան վերակազմակերպութենէն ետք, մշակոյթի պատմութեան հիմնարկի գիտական քարտուղար եւ հայ հին գրականութեան ու ժողովրդական բանահիւսութեան բաժիններու վարիչ։
1935ին, Հայաստանի լուսաւորութեան կոմիտասարիատին կից պետական գիտական խորհուրդը Կ. Մելիք-Օհանջանեանին շնորհած է գիտահետազօտական հիմնարկներու իսկական անդամի եւ դասախօսի կոչում։
Սակայն, ստալինեան մաքրագործումներու սկզբնաւորութեամբ, 1936-1937 ուսումնական տարեշրջանին, Մելիք-Օհանջանեան վտարուած է համալսարանէն, իսկ 25 Յուլիս, 1937ին՝ ձերբակալուած է։ Անոր դէմ շարուած են բազմաթիւ շինծու մեղադրանքներ, որոնցմէ գլխաւորն էր դաշնակցական ընդյատակեայ կազմակերպութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ ըլլալը, որ իբրեւ թէ գործօն աշխատանք կը կատարէր խորհրդային իշխանութիւնը տապալելու։ Չորս տարի ֆիզիքական չարչարանքի ու հոգեկան տառապանքի ենթարկուելէ ետք, 1941 թուականին դատապարտուած է 5 տարուան բանտարկութեան եւ աքսորի (ներառեալ արդէն անցած չորս տարիները)։ Աքսորուած է դէպի Սիպերիա, բայց ճանապարհին ծանրօրէն հիւանդացած է ու մնացած՝ Չելիապինսկի բանտի հիւանդանոցին մէջ։ 1942 Յուլիսին լրացած է իր դատապարտութեան պայմանաժամը եւ ազատ արձակուած է, որմէ ետք մեծ դժուարութեամբ վերադարձած է Հայաստան։ Սակայն, 1942-1944ին արգիլուած է Երեւան բնակիլ, եւ նախ հաստատուած է Կիրովական (այժմ՝ Վանաձոր) եւ ապա՝ Քանաքեռ (այժմ՝ Աբովեան)։ 1944ին կարողացած է տեղափոխուիլ Երեւան։
1946ին, Կ. Մելիք-Օհանջանեան գործի ընդունուած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի գրականութեան հիմնարկը իբրեւ աւագ գիտաշխատող եւ միաժամանակ դասախօսութիւններ կարդացած՝ Երեւանի ռուսական մանկավարժական հիմնարկին մէջ։ 1948ին, սակայն, իր պաշտօններէն արձակուած է՝ ստալինեան բռնութեան ալիքին պատճառով, ու միայն արդարացուելէ ետք, 1950ական թուականներու կէսերուն, վերադարձած է գործօն կեանքի։ Ան նաեւ մեծ ջանքեր թափած է 1937ի զոհ իր ընկերներուն յետմահու արդարացման համար։ 1962ին իրեն շնորհուած է Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչում, 1963ին՝ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատուոյ գիր, իսկ 1965ին ընտրուած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի անդամ։
Ակադեմիայի անդամ ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր Մելիք-Օհանջանեանի՝ հայագիտութեան (բանագիտութիւն, հին գրականութիւն, հայոց պատմութիւն), արեւելագիտութեան, համեմատական բնագրագիտութեան, գրական, գիտական եւ բանահիւսական գործերու թարգմանութեամբ։ Գրած է բազմաթիւ մեծարժէք ուսումնասիրութիւններ Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բուզանդի եւ «Սասնայ ծռեր»ու մասին։ Մանուկ Աբեղեանի հետ ձեռնարկած եւ իրագործած է «Սասնայ ծռեր»ու գիտական հրատարակութիւնը, գրի առնելով հայկական դիւցազնավէպի ութ նոր պատում, ռուսերէնի թարգմանելով 10 ընտիր պատում՝ ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ եւ հարուստ ծանօթագրութիւններով։ Ան նաեւ կարեւոր վաստակ ունեցած է գրական ու պատմական յուշարձաններու հրատարակութեան եւ ուսումնասիրութեան մէջ։
Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան մահացած է Երևան, 22 Փետրուար, 1970ին, 77 տարեկան հասակին։